Ֆրանսայի Ազգային Ժողովէն Ներս Խորհրդաժողով՝ Արցախահայութեան Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Համար

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի ցեղական զտումէն եւ արցախահայութեան հայրենազրկումէն 2 տարի ետք, Սեպտեմբեր 18-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս կայացած է խորհրդաժողով՝ պատգամաւոր եւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Էմանուէլ Մանտոնի նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի եւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաորներ, դիւանագէտներ, փորձագէտներ, համալսարանականներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարձր ներկայացուցիչներ, որոնք վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին։

Խորհրդաժողովի առաջին փուլի մասնակիցները անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն արցախահայութեան համար։ Մասնակիցները ընդգծած են, որ բռնի տեղահանութեան անպատժելիութիւնը կը վտանգէ միջազգային կարգի հիմքերը։ Այս ծիրէն ներս նշուած է, որ Ֆրանսացի եւ եւրոպացի պատգամաւորները յանձն առած են մոռացութեան չմատնել Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղական զտումը եւ շարունակել սեփական կառավարութիւնները դրդել գործնական քայլեր ձեռնարկելու՝ միջազգային իրաւունքի յարգումը ապահովելու համար։

Երկրորդ քննարկումը նուիրուած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան․ որուն ընթացքին կարեւոր համարուած է եւրոպական երկիրներու խորհրդարանականներու եւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանականներու միջեւ կապերու ձևաւորումը եւ համագործակցութիւնը՝ Արցախ վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրակարգ բերելու եւ հայ գերիներու ու քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը պահանջելու համար։

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է նաեւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախաձեռնութեան, որ հանդէս եկած է կոչով՝ հաւաքագրելու ֆրանսացի խորհրդարանականներուն ստորագրութիւնները՝ Արցախի բռնի տեղահանուած բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը պաշտպանելու եւ պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը պահանջելու համար։

Խորհրդաժողովը փակուած է Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի խօսքերով: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր մասնակիցներուն եւ կոչ ըրած շարունակելու Արցախեան դատի համար պայքարը․ «Քաղաքականութիւնը այն հզօր ուժն է, որ ունակ է վճռական գործողութեամբ փոխելու իրականութիւնը եւ, ուստի, ես կ՝առաջարկեմ, որ համարձակինք պայքարիլ բռնութեան նկատմամբ արդարութեան յաղթանակը ապահովելու համար»։

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/09/23/299502