Վանի Վարագավանքը Կործանման Եզրին է

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան, Սփիւռք

Վան քաղաքի Վերին Պաքրաճլը թաղամասին մէջ գտնուող պատմական հայկական Վարագավանքի մեծ մասւ աւերուած է․ գմբէթները փլած են, որմնանկարներն ու արձանագրութիւնները՝ վնասուած։ Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը։

Վանքը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ «Եօթ եկեղեցիներ», կառուցուած է 8-րդ դարուն եւ եղած է հոգեւոր կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը։ Տարիներ շարունակ վերանորոգման չենթարկուած վանքը մասամբ կը պահպանուի միայն տեղի բնակիչներուն ջանքերով։ Ամէն տարի արտերկրէն ժամանող հայերը կ՝այցելեն վանք եւ իրենց կրօնական արարողութիւնները կ՝իրականացնեն աւերակներուն մէջ։

Թաղամասի բնակիչները իշխանութիւններէն կը պահանջեն անյապաղ քայլեր ձեռնարկել, քանի դեռ պատմական նշանակալի արժէք ունեցող այդ կառոյցը ամբողջութեամբ չէ փլուզուած ու վերացած։