Այն Ատեն Հայրենասէր Էիք, Իսկ Հիմա Ինչպիսի՞ն Էք, Պարո՛ն Վարչապետ (21 Սեպտեմբեր1991)․ Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Պիտի հասնինք, սրբազան լեռ, կատարիդ»
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ, «Ուխտ Արարատին»

Որպէսզի ընթերցողը լաւապէս ըմբռնէ խորագրի միտք բանին, յստակացնել է պէտք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Յունիս 2025-ին Պոլսոյ մէջ յայտարարած է, թէ օրին, 2019-ին, երբ ըսած է. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», ինք «այդ բառերը օգտագործած է, քանի որ հայրենասէր էր»: Շա՛տ աղէկ:

Ուստի արդար է նաեւ հնչեցնել իւրաքանչիւր հայորդիի (հայրենասէր) վերեւի հարցադրումը` այլապէս հասկնալու համար հայոց պետականութեան ղեկին գտնուող իշխանական համակարգին ներկայի հոգեմտաւոր ու քաղաքական կողմնորոշումը:

Միւս կողմէ` մտահան պէտք չէ ընել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ «Նոր Հայաստան»-ի երկնակամարին տակ ապրող, աշխատող, ստեղծագործող եւ այս երկրին հաւատացող հայը (խօսքը համեմատութեան մասին չէ)` իբրեւ ժողովրդավար երկրի քաղաքացի, իր «Այո»-ն եւ քուէն տուած է ներկայի իշխանութեան, որ 2018-էն ի վեր կը գտնուի պետութեան գլխուն:

Արդ, պահ մը մէկդի դնելով, այս պարագային, քաղաքական ընդդիմութեան այս կամ այն գործունէութիւնը, շատ անգամ նաեւ` իշխանութիւն-ընդդիմութիւն, այլապէս  խորհրդարանական կեանքի լպիրշ ու անորակ վիճակը, կացութիւնը, քաղաքական արեւելումներու թէ խաղաղասիրական կանչերու հանդէսները, հայը ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, հարց կու տայ` տագնապէ, տուայտանքէ եւ արարատասիրութենէ թելադրուած, թէ դարերու փորձութիւնը, փորձառութիւնն ու ալեհեր պատմութիւնը իր շալակին հայ ազգը ինչո՞ւ չի կրնար` ինքնուրոյն քաղաքական ու պետական ուղեգիծ որդեգրել, ազգային գաղափարախօսութեան եւ արժէքներու տիրութիւն ընել, ազգը պարփակող յենարանները առաւել ուժեղացնել, հոգեմտաւոր, արհեստագիտական, տնտեսական ու զինուորական ներուժը առաւել ամրացնել` յանուն հայու տեսակի շարունակականութեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան:

Այլ խօսքով, ինչո՞ւ հայութիւնը պառակտուած է քաղաքական արեւելումներու պատճառով, իսկ հայոց պետականութիւնը, ի հեճուկս ազգային շահերուն, փորձ կը կատարէ խաղաղօրէն «սիրուելու» թշնամի ուժերու կողմէ:

Բնականաբար ամէն ինչ վարդագոյն տեսնող անհատներ պիտի հակառակին ըսուածին, որովհետեւ բաւարարուածի ու խաղաղասէրի զգացումով համակուած են եւ ճիգ չեն խնայեր համոզելու շրջապատ մը ամբողջ: Շա՛տ բարի:

Կրնայ ըսուիլ, որ համայնակուլ այս աշխարհին մէջ, երբ միջազգային ծրագիրներ իրար կը յաջորդեն` պարզապէս խեղճ ու տկար երկիրներու վրայ իշխելու եւ անոնց բնական հարստութիւնը յօշոտելու, ի՞նչ կրնայ ընել փոքրիկ Հայաստանը, որ դարերէ ի վեր եղած է կռուախնձոր` այս կամ այն կայսրութեան շահերը ապահովելու:

Նաեւ կրնայ առարկուիլ, որ վերանկախացած Հայաստանի իրերայաջորդ այս կամ այն իշխանաւորները, եթէ երբեք թալանի եւ աթոռամարտի մարդիկ չըլլային եւ օժտուած ըլլային հմուտ քաղաքական գործիչի յատկութեամբ, վստահաբար ուժն ու կամքը պիտի ունենային կառուցելու պետական համակարգ մը, որ պիտի կարենար դիմակայել օտար ուժերու թէ թշնամիներու սանձարձակ ոտնձգութիւններուն ու թաքուն ծրագիրներուն, այս ալ` իր հերթին:

Փաստօրէն արիւնով եւ անմնացորդ զոհողութեամբ ազատագրուած Արցախի կորուստով կամ դաւաճանաբար յանձնումով արդէն վերջ կը գտնէր երեսնամեակի մը ողջ պատմութիւնը, որ իր մէջ կը պարփակէր արդարացի յոյսն ու ակնկալութիւնը` օր մը հասնելու Արարատին, բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանին:

Սեպտեմբերի 21:

Ամբողջ երեք տասնամեակ հայութիւնը ապրեցաւ այս թուականին մեծութիւնն ու հմայքը, ոգեւորուեցաւ հայրենի ժողովուրդին կատարած անկախութիւն հռչակելու եզակի աքթով, ներշնչուեցաւ ազգային արժէքներու վերաբոցավառումով եւ ակնդէտ հետեւեցաւ հայոց պետականութեան քայլ առ քայլ հաստատումին:

Այո՛, ազգ մը ամբողջ հայօրէն լիացաւ, յոյսով եւ եռանդով յափշտակուած` իր աչքերը յարեց դէպի հայրենիք եւ ամէն ջանք թափեց կառուցելու եւ շէնացնելու հայոց երազանքի թագուհին` Հայաստանը, որ կոչուած էր իւրաքանչիւր հայու օրրանը ըլլալ:

Ճիշդ է, որ երեսուն տարիներու քաղաքական, տնտեսական թէ զինուորական ոլորտները այդքան ալ հեզասահ չէին ընթանար, խրախուսիչ չէին գործընթացները, առկայ էին թերացումներ, բացթողումներ, խաղքութիւն եւ անլուրջ մօտեցումներ:

Այդուհանդերձ, ազատագրուած էր Արցախը եւ վերանկախացած` հայրենիքը:

Ու այս առումով, հայ միտքը` իր մտաւորականութեամբ, պատմաբաններով, արուեստագէտներով եւ ընտրանի զանգուածով, միշտ ալ վեր դասեց հայրենիքը ու լծուեցաւ ազգային արժէքներու ջատագովումին եւ պաշտպանութեան:

Ժամանակի թաւալքին առընթեր, 2018-ին տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն: Հակառակ ժողովրդական արդար ընդվզումի ալիքին, հայութեան ու հայրենիքի կեանքին մէջ խոց մը արձանագրուեցաւ` պատճառ դառնալով հայոց աշխարհի պառակտումին: Կեցուածքներու, համոզումներու եւ մօտեցումներու զուգահեռ, վէրք մըն ալ աւելցաւ, երբ այլամերժութիւնը, ատելութիւնն ու եսակեդրոն վարքագիծը մուտք գործեցին հայ կեանքէն ներս եւ սկսան արմատաւորուիլ հայութեան մէջ:

Ժամանակ էր պէտք, որ յստականար նոր իշխանաւորներու քաղաքական արեւելումները, թաքուն թէ բացայայտ կողմնորոշումները, մանաւանդ` ներազգային կեանքի մէջ, այսպէս ըսած, «նոր» մտածողութիւն յառաջացնելու մտադրութիւնը:

Ի դէպ, պահ մը զերծ մնալով քննադատութիւններու, խծբծանքներու եւ իրար ամբաստանելու հանդէսներէ, արձանագրել է պէտք, որ Հայաստանի պետութիւնը իր իշխանաւորներով բռնած է քաղաքական ուղի մը, որ եթէ երբեք համոզիչ է իրենց համար, ապա պարտաւոր են ամբողջ հայութիւնը իրազեկ դարձնել` կատարուածի հաւաստիութեան եւ երաշխաւորուած ըլլալու հանգամանքին:

Յայտնապէս, իշխանաւորներու այս աստիճանի խորացումը` համայնակուլ եւ կործանիչ քաղաքական գործընթացներու մէջ, ոչ միայն կը մտահոգէ ազգը, այլեւ` օտար հասարակութիւններ, որոնք բացայայտօրէն կը խօսին ու կը գրեն հայութեան վիճակուած տխուր ապագայի մասին:

Փաստօրէն, նոր իշխանաւորներ` յանձինս վարչապետին ու նախագահին, կը կատարեն այնպիսի հաստատումներ, որոնք աւերներ կրնան գործել ճակատագրական այս օրերուն: Անոնք ամէն պատեհ առիթ կ՛օգտագործեն, նոյնիսկ` Պոլսոյ մէջ, հայն ու Հայաստանը նուաստացնելու, թշնամի թուրքէն ներողութիւն խնդրելու, պարզապէս հաճելի թուալու դահիճներու: Ինչո՞ւ:

Այս առումով, ցաւալին, ողբերգականն ու անըմբռնելին այն է, որ հայրենի իշխանաւորներու եւ թշնամի ուժերու խօսակցութիւնը կը համընկնի, կարծես` զիրար ամբողջացնելու մարմաջէն տարուած:

Միթէ 21 սեպտեմբերի արժէքները` սահմանադրութիւն, եռագոյն դրօշ, քայլերգ, Արարատ, Հռչակագիր, Հայոց ցեղասպանութիւն, Արեւմտահայաստան, Արցախ, ազգային բանակ ու արժանապատուութիւն, գերիշխանութիւն, միասնականութիւն, հայաստանակեդրոն վարքագիծ, խաղաղութեան նպաստող ազդակներ չե՞ն, որոնցմէ ազատիլ կ՛ուզէ այս իշխանութիւնը: Ինչպիսի՛ բացատրութեամբ:

1,5 միլիոն նահատակներու ուրացումը, Պաքուի բանտերուն մէջ տուայտող հայ պետական գործիչներու եւ զինուորականներու մոռացումը ամօթի խարան չե՞ն, երբ կը յոխորտանք նոր Հայաստանի կերտումով:

Ամէն քայլափոխի կը մեղադրուինք, որ կը քննադատենք իշխանութիւնը: Սուտ, լուտանքներով ու աժան քարոզչութեամբ փորձ կը կատարուի նսեմացնելու ազգային շունչով պարուրուած հայորդիներու կեցուածքն ու խօսքը:

Թուրքին դիմաց նուաստանալով` նոր Հայաստան չի պաշտպանուիր:

Զարմանալին այն է նաեւ, որ նիկոլասէրներ, որոնք հմայուած են վարչապետին «յանդուգն քաղաքագէտի» եւ «իսկական փրկիչի» կերպարով, խուլ կը ձեւանան աղաղակող ճշմարտութիւններու դիմաց, խիճով զարդարած են իրենց միտքն ու հոգին, «կոյր» ձեւանալու գնով կը պաշտպանեն զայն, պարզապէս յագուրդ տալու ատելութեամբ յագեցած իրենց վարքագծին: Որո՞ւ հաշուոյն:

Փոխանակ նախկին թալանչիներ հալածելու, ազգային սրբութիւններ ոտնակոխ ընելու` ճիշդ պիտի ըլլար, որ նոր իշխանաւորներ մտածէին, թէ ինչպէ՛ս պիտի համոզեն ողջ հայութիւնը` խաղաղութեան իրենց տարբերակին մօտեցնելու, ի հարկին` ժողովրդավարօրէն քուէարկութեան հրաւիրելու սփիւռքահայն անգամ, ապա` նետուելու համաձայնագիրներու յորձանուտին մէջ:

Իսկ պարոն վարչապետի այն հաստատումը, որ` «Մենք չենք հեղինակը այն հայրենասիրութեան, զոր կը կրենք մեր գլխուն մէջ»: Աւելի՛ն. «Վարչապետը պատասխանատու չէ բոլոր հայերուն, իմ վրաս յոյս մի՛ դնէք»: Այս արդէն ցուցանիշ է, թէ ինչպիսի՛ հայու տեսակ եւ առաջնորդ է ան, որ հայոց պետութեան գլխուն անցած` կը յաւակնի գերիշխանութիւն խաղալ:

Արդ, այս օրերուն որքա՜ն տժգոյն եւ խեղճացած կը հնչէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը, որով դաստիարակուած են սերունդներ եւ` հայրենասիրութեամբ տոգորուած:

Այլապէս ալ որքա՜ն զուարթ եւ բարձր տրամադրութեամբ լեցուած է թուրքը` ի տես Արարատ լերան տխրութեան եւ ուխտադրուժ նորովի իշխանաւորներու:

Նիկոլասէրներ յաճախ կը յիշեցնեն, որ հայրենի ժողովուրդը ինք ընտրած է վարչապետը: Մենք ալ, մեր կարգին, կ՛ըսենք, կամքդ թող ըլլայ, հայրենի ժողովուրդ:

Իսկ նժդեհեան օրրան Խուստուփի լեռները ձեզ պահապան եւ զգաստութեան հրաւիրող կանչը թող ըլլան, հայրենաբնակ իմ ժողովուրդ: