
Քոնկրեսին Մէջ Պահանջուեցաւ Արցախի Ցեղասպանութեան Հաշուետուութիւնը
ԹԱՅԹԸՍ ԵՒ ՊԻԼԻՐԱՔԻՍ պԱՔՈՒՆ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ
Կազմակերպութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, 15-17 Սեպտեմբերին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան Հայ Դատի ջատագովման օրերը, որոնց մասնակցողները քոնկրեսականներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն ներկայացուցին հայութիւնը յուզող այժմէական հարցերը եւ քաղաքական առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին են՝ Արցախի վերահաստատումը, ազրպէյճանի կողմէ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը, Հայաստանի ամրապնդումը եւ պատժական քայլերու որդեգրումը ցեղասպանական արարքներ իրականացուցած թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի դէմ:
Նաեւ, տեղի ունեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան երկրորդ տարելիցին նուիրուած «Հաշուետուութիւն 2025» հաւաքը՝ Քոնկրեսի շէնքին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն, Պրետ Շըրմըն, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճուտի Չու եւ ուրիշներ։

Շըրմըն նաեւ յայտնեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը սահմանափակելու համար թուրքիոյ եւ ազրպէյճանին տրամադրելիք աջակցութիւնները, մինչեւ այն ատեն, ոռ անգարա եւ պաքու վերջ չեն դրած Հայաստանի շրջափակման։
Աւելի ուշ, քոնկրեսականներ Տինա Թայթըս եւ Կաս Պիլիրաքիս Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցին ազրպէյճանի դէմ պատժական քայլեր որդեգրող բանաձեւ մը, պատասխանատուութեան կանչելու համար մարդկային տարրական իրաւունքներ ոտնահարած ատրպէյճանի պաշտօնատարները։