Մուսա Լերան Հերոսամարտի 110-Ամեակ. Կորուսեալ Հայրենի՛ք, Բայց Յաւերժ Ներշնչարան․ Յակոբ Այնթապլեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յաջորդական երեք սերունդներու պատկանող ուխտաւորները տարածուած էին Մուսա Լերան լանջերուն: Տրամադրութիւնները թէեւ բարձր, բայց յուզմունքը տիրական էր, մանաւանդ` այդ կախարդական լեռնաշխարհի ակունքներէն ծնած երէց սերունդին մօտ: Հատ ու կենտ եկուոր այլազգի բնակիչներու ամչկոտ հայեացքներուն ներքոյ, ուխտաւորներու քայլերը աւելի համարձակ ու ինքնավստահ էին, բայց` զուսպ ու զգուշաւոր…

Տասնհինգամեակ մը առաջ էր, երբ Մուսա Լերան հերոսամարտի 95-ամեակի Կեդրոնական մարմինը կազմակերպած էր համամուսալեռցիական ուխտագնացութիւն մը դէպի պատմական Մուսա Լեռ, եւ ահա 150-է աւելի ուխտաւորներ ընդառաջած էին կոչին: Նպատակը անշուշտ զօրավիգ կանգնիլ էր պատմական Վագըֆ գիւղի մնայուն բնակիչներուն ու աւանդութեան վերածուած Ս. Աստուածածնի տօնին մասնակցելու, բայց խորքին մէջ` Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած մատաղի պատրաստութեան տալ համամուսալեռցիական բնոյթ: Եւ իրօ՛ք, պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով,  այդքան մեծ թիւով մուսալեռցիներ աշխարհի տարբեր անկիւններէ կը մասնակցէին այդ տօնախմբութեան:

Միասնութեան գաղափարը իր նոր հանդերձանքով մուսալեռցիներու ճակատագրին ապագան կ՛ուրուագծէր. մինչ մատաղը կը պատրաստուէր` կաթսաներու ներքեւի կրակի ճաթռտոցները քառասնօրեայ յաղթական հերոսամարտի համազարկերը կը յուշէին…

Եւ աւանդական թմբուկ-զուռնայի կախարդա՜նքը… Անոնցմէ ժայթքող ու լեռնէ լեռ սաւառնող արձագա՜նգը, մանաւանդ` անխտիր բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ շուրջպարը, որ կը ցնցէր ողջ Մուսա Լեռը…

Անկեղծօրէն այդ օր ես հասկցայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ մուսալեռցի ու յաղթական հերոսամարտ կերտած սերունդի ժառանգորդ:

Անքուն երկու գիշերներէ ետք, բայց` վերանորոգ կամքով ու հպարտութեամբ, ուխտաւորները ահա գրաւած էին Մուսա Լերան վեց գիւղերն ու տարածուած` ձորերէն մինչեւ լերան գագաթները:

Աստուա՜ծ իմ, այդ ի՜նչ ոգեղէն հրապոյր էր ու զգլխիչ կախարդանք… Խըտըր Պէկի պատմական սօսի ծառի շուքին ծաւալած շուրջպա՞րը, թէ՞ Եողուն Օլուգի լքուած եկեղեցւոյ կամարներու տակ հնչած «Տէ՛ր,  ողորմեա»ն… Ֆրէնկեանի սրճարանին կողքով հոսող զուլալ ջուրի խայտա՞նքը, թէ՞ Թովմաս առաքեալի վանքի աւերակներուն նախշքարերը…. Պիթիասի առաքելական եկեղեցւոյ կիսակառոյց ու բաց գմբէթէն թափանցող լո՞յսը, թէ՞ Քապուսիյէի Ս. Սարգիսի ուխտատեղիի ձիգ աստիճանները…

Ու այս բոլորը, մանաւա՛նդ` հողը, ջուրը, քարերը, լքուած տուներն ու մզկիթներուն տակ կքող եկեղեցիները, լեռները… լեռները փառապանծ… Անոնք բոլորն ալ լուռ վկաներն էին բազմաչարչար ժողովուրդի մը վառ անցեալին եւ որքան լուռ ու տխուր, նոյնքան եւ աւելի` աղաղակող ու պատգամող…

Բնականաբար ծեր ուխտաւորները իրենցմէ խլուած մանկութիւնը կը փնտռէին կիսափուլ ցանկապատներու ետին կամ փշոտ դաշտերուն մէջ: Աւելի երիտասարդները վերլուծումը կը կատարէին իրենց ծնողներու երբեմնի կենցաղին ու կենսակերպին. անոնք խեղդուած կորկորդներով ու զսպուած արցունքներով կ՛երդուէին ժառանգած վիրաւոր արժանապատուութիւնը չաղաւաղել…

Պատանիներու մօտ զգալի էր հարցումներու տեղատարափը, եւ երէցներու կողմէ տրուած պատասխանները կրնային հեքիաթային թուիլ, եթէ անոնք ականատես չըլլային արձանագրուած իրական բազմաթիւ դրուագներու:

Անոնցմէ առնուազն երկուքը կ՛ուզեմ յիշել:

Առաջինը` փլած տունն ու ծլարձակող թթենին, Թուճար Պապուկը (Սարգիս Այնթապլեան), որ հակառակ յառաջացած տարիքին` անպայման ուզած էր մասնակցիլ ուխտագնացութեան, պահ մը անհետացած էր շրջագայող խումբէն. որոշ ժամանակ անց զայն գտած էինք Պիթիասի աւետարանական եկեղեցւոյ (այժմ` մզկիթի վերածուած) բակին մէջ բարձրացած սօսի ծառին տակ նստած` մելամաղձոտ եւ յուզուած: Ես կեանքիս մէջ հայրս այդքան տխուր վիճակի մէջ տեսած չէի, միշտ խանդավառութիւն բուրող, կայտառ ու տրամադրութիւն բարձրացնող հայրս կքած էր ինքնիր վրայ` մտածկոտ ու ինքնամփոփ: Երեւոյթը անբնական էր ու մտահոգիչ: Իրար անցած` հարց տուի. «Ի՞նչ ունիս հայրիկ»: Գլուխը բարձրացուց ու խեղդուած ձայնով կմկմաց. «Մեր տունը փլած են… լքուած պարտէզին անկիւնը միայն պապուկիդ ցանած թթենին մնացած է»: Չկրցաւ շարունակել, բառերը խեղդուեցան կոկորդին մէջ, ու արցունքները սկսան հոսիլ այտերէն:

Լռութիւնը համատարած էր ու պատգամը` աղաղակող…

Երկրորդը` պլպլացող մոմը:

Տիկին Մարին (Մարի Քէօշէեան-Չափարեան) մաս կազմելով ուխտաւորներու խումբին, ուզած էր իր 70 տարուան երազը իրականացնել: Հակառակ իր ճերմկած մազերուն` ան չարքաշութեամբ ու ոգեւորութեամբ ուխտաւորներու յառաջամարտիկներէն էր: Սակայն երբ ուխտաւորները հասան Պիթիասի կիսակառոյց առաքելական եկեղեցւոյ շրջափակ, տիկին Մարիին դէմքը այլայլեցաւ, սիրտը սկսաւ արագ-արագ տրոփել, ու քայլերը դանդաղեցան: Եկեղեցին բարեբախտաբար մզկիթի վերածած չէին թուրքերը, մնացած էր այնպէս, ինչպէս 1939-ին մուսալեռցիք թողած էին զայն: Եկեղեցւոյ շուրջ բնութիւնը թէեւ որբացած, բայց թուփերու ծառերը աճած էին անխնամ կերպով:

Մինչ եկեղեցւոյ բաց պատուհաններէն ու գմբէթէն ուխտաւորներու սրտերու խորերէն բխող «Հայր Մեր»-ը կ՛արձագանգէր Մուսա Լերան լանջերուն, տիկին Մարին եկեղեցւոյ կողքին լծուած ձիթենիի ծառին տակ կքած` դողդոջուն ձեռքերով կը փորձէր մոմ մը վառել քարակոյտի մը վրայ, հետզհետէ մոմավառութիւնը սկսաւ վերածուիլ խորհրդաւոր արարողութեան մը, երբ քարակոյտը շրջապատուեցաւ ներկաներով: Ու զարմանալի ոչինչ կար: Մենք ականատես վկաներն էինք աննախընթաց ծիսակատարութեան մը. հոն թաղած էր տիկին Մարիին մայրը ճիշդ այն պահուն, երբ 1939-ին մուսալեռցի գաղթականներու կարաւանները արդէն պիտի լքէին Մուսա Լեռը: Անոր մայրը անակնկալօրէն մահացած էր, ու այդ նոյն ձիթենիին տակ կատարուած էր հապճեպ թաղում մը: Այդ օրերուն տիկին Մարին քանի մը տարեկան երեխայ էր դեռ:

Արդարեւ, 70 տարիներ ետք, խորհրդաւոր այդ պահուն, յուզուած ու արցունքոտ հայեացքներու ներքեւ տիկին Մարին 70 տարիներ ետք առաջին անգամն ըլլալով (գուցէ եւ վերջին) մոմ մը կը վառէր իր մօր գերեզմանին վրայ… Դարձեալ լռութիւնը համատարած էր ու պատգամը` աղաղակող…