
«ՄուսաԼեռան 18 Նահատակներ» Եւ « Լեռ Փառապանծ» Գիրքին Գինեձօնը՝ Այնճարի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական քարոզչականյանձնախումբին, Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին,կատարուեցաւ «Մուսա Լեռան 18 Նահատակներ»ը եւ «Լեռ Փառապանծ» գիրքի գինեձօնը,«Մոսէս Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս։ Ներկայ էին գիրքի վերահրատարակիչներ՝Տ. Վարուժան արք. Հերկելեան եւ ընկ. Եսայի Հաւաթեան, ինչպէս նաեւ Հոգեւոր հայրեր ,պատկան մարմիններու, միութիւններու եւ կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներ, ընկերներեւ հայրենակիցներ։

Բացման խօսքը արտասանեց Ընկ. Յակոբ Այնթապլեան, որ նախ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Մուսալերան հերոսամարտի նահատականերուն յիշատակը, ապա իր խօսքը սկսաւ ըսելով.- «Լեռ փառապանծ , Կախարդական լեռ, Սրբազան լեռ, Փրկութեան լեռ եւ այլն մուսալեռցիներուն մտապատկերին մէջ կ՝արձագանգէն, երբ խօսքը կը վերաբերի Մուսալերան լեռնաշխարհին կամ քառասնօրեայ հերոսամարտին եւ բնականաբար կը յիշենք յատկապէս մեր 18 եւ միւս բոլորնահատակները, որոնք մեզի ընկերակցեցան մեր պատմութեան ընթացքին, ու այդ լերանոգին եւ նահատակներուն կտակը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի զանազանմիջոցներով, բայց յատկապէս գիր գրականութեան ճամբով»։

Ան աւելցուց յայտնելով որ, այսօր մեր տրամադրութեան տակ ունինք «ՄուսաԼեռան 18 Նահատակներ»ը եւ «Լեռ Փառապանծ» վերահրատարակուած գիրքը, շնորհիւ Տ.Վարուժան արք. Հերկելեան Սրբազանին , ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Եսայի Հաւաթեաններուն։
Ընկերը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք անոնց անդրադարձաւ Մուսալերան 110-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 86-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն։

Ան ՀՅԴ “Կարմիր Լեռ” կոմիտէի քարոզչական-դասիարակչական յանձնախումբին կողմէ կոչ ուղեց ներկաներուն որ քաջալերէն մեր երիտասարդ երիտասարդուհիները իրենց գործօն մասնակցութեամբ շարունակելու Մուսալերան աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։

Ապա Նարօտ Գառնէշեան ընթերցեց գիրքին հրատարակութեան առիթով Տ. Վարուժանարք. Հերկելեանի «Այնճար 18-ին Յուշարձանը» յօդուածը, որ մասնաւորապէս Այնճար հայաւանը բնութագրեց 18 նահատակներու կենդանի եւ ամենէն ցայտուն յուշարձանը եւ կոչ ուղեց գուրգուրալու անոր հողի իւրաքանչիւր հատիկին վրայ, պահելու անոր իւրաքանչիւր քարի բեկորը այնպէս, ինչպէս փափաքեցան մեր 18 նահատակները։

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Լիլիթ Աբրահամեան, երգելով “Բալենի” եւ“Սարի Աղջիկ” երգերը։
Գիրքը ներկայացուց ընկ. Եսայի Հաւաթեան, որ նախ անդրադարձ մը կատարեց Օսամանեան լուծին տակ ճնշիչ պայմաններու ենթակայ հայ ժողովուրդի մասին, ուր ան կը նկատուէր ստորադաս քաղաքացի, ենթակայ թուրքի քմահաճոյքին եւ անոր կողմէ տնօրինուած ապօրինի տուրքերուն։ Ան յիշեց, թէ այս բոլորէն անմասն չէր մնար Մուսալերան տարածաշրջանը, որ նոյնպէս ենթակայ էր ճնշումներու եւ հարկահաւաքներու կողոպուտին։ Ապա, մէջբերելով այդ ժամանակահատուածէն տարբեր դրուագներ, ապացուցեց թէ ինչպէս մուսալերան ժողովուրդը պայքարած է անարդարութեանց դէմ եւ ի հարկին դէմ դրած ու պաշտպանած է իր իրաւունքները։

Այնուհետեւ, հակիրճ պամական մը կատարեց 1890-1895 Մուսալեռ մուտք գործած Հնչակեան եւ 1908-ին Դաշնակցական կուսակցութիւններուն մասին, որուն յաջորդեց 1915-ին Մուսալերան հերոսամարտը եւ որ սահմանեց հետեւեալ բնութագրումով՝ «Լեռ մը, հերոսական դիմադրութիւն մը, փրկութիւն եւ 18 նահատակներ»։
Ընկ. Եսային փոխանցեց, թէ Մուսալերան հերոսամարտի 110-ամեակին առիթով լոյս տեսած այս հատորը «Գառնի» մատենաշարի 47-րդն է, խմբագրութեամբ Տ. Վարուժան արք.Հերկելեանի։ Գիրքը ձօնուած է սփիւռքի մէջ գործած եւ գործող հայրենակցական միութեանց անդամ բոլոր հայորդիներուն, որոնք հայրենիքի համն ու հոտը վառ կը պահեն օտար երկինքներու տակ։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 1930-ական թուականներէն Պէյրութի մէջ գործող մուսալերան հայրենակցական միութիններուն մասին, որոնք աշխատած են իրար օգնութեան նպատակով եւ պայմաններու բերումով երբեմն ալ դադրած, իսկ 1954-1955-ին ծնունդ առած է «Մուսալերան ուսումնասիրաց միութիւնը» Պէյրութի մէջ, որ ծաւալուն գործունէութիւն տարած է։ Անոր կարեւոր աշխատանքներէն մէկը կը հանդիսանայ 1960-ին հրատարակուած երկու փոքր գրքոյկները՝ «Մուսալերան 18-նահատակներ»ը եւ «Լեռ փառապանծ»ը։
Ան յայտնեց, որ «Գառնի» մատենաշարը՝ նկատի ունենալով 1960-ին ուսումնասիրացի կողմէ տպուած «Մուսալերան 18 նահատակները» եւ «Լեռ փառապանծ» գրքոյկներու ազգագրական եւ պատմական կարեւորութիւնը, մանաւանդ մեր նոր սերունդին համար՝ որոշեց վերահրատարակել զանոնք կարգ մը յաւելումներով եւ մէկ հատորով։ Ան իր խօսքը աւարտեց, ըսելով՝ «Պէտք է կառչած մնալ Մուսալերան, անոր պատմութեան եւ ոգիին»։

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ Գինեձօնի արարողութիւնը՝ ձեռամբ Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ Հայր Եզեկիէլ վրդ. Սելլումեանի, որուն ընթացքին Տ. Վարուժան փոխանցեց իր պատգամը։ Սրբազան հայրը ըսաւ, «Աղօթենք, որ Տէրը օրհնէ եւ իր պահպանութեան տակ առնէ մեր ժողովուրդի բոլոր գրողները եւ բոլոր գիրք առնողները, որպէսզի մեր ժողովուրդը իր յիշողութինը չկորսնցնէ։ Աղօթենք, որ վարձահատոյց ըլլան բոլոր անոնք, որոնք աշխատած են գիրքը ստեղծելու, հրատարակելու մեկենաս ըլլալու եւ բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան»:

Ապա, ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր եւ Տիկ. Եսայի Հաւաթեաններուն, որոնք ստանձնեցին գիրքին մեկենասաթիւնը։
Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ այս գիրքը մեր հոգիները կը կերակրէ իր նահատակներով․ կ՚աղօթենք, որ Աստուած հանգիստ տայ մեր ննջեցեալներուն, իմաստութիւն մեր երիտասարդներուն, որ կարդան այս գիրքը, իրենց յիշողութիւնը տանի դէպի անցեալ ու անցեալէն դէպի ապագայ:
Աւարտին գիրքէն օրինակ մը նուէր բաժնուեցաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի, եւ գիրքերը մակագրուեցան Սրբազան հօր կողմէ։
Մուսա Լեռ Այնճար