
Մեծարենցեան Երեկոներ` Այնճարի Մէջ. Պարոյր Սեւակ Բանաստեղծ
Զաւէն Գ․ Ղարիպեան
Այնճարի մէջ այս տարուան մեծարենցեան ամառնային երեկոներու մշակութային ձեռնարկներու երրորդը նուիրուած էր Պարոյր Սեւակին` հայրենի գրագէտ, բանաստեղծ, հրապարագիր: Անիկա տեղի ունեցաւ 24 օգոստոս 2025-ին,Ղարիպեաններուն «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Օրուան բանախօսն էր հայրենի մշակութաբան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան:
Ան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ հայրենի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակին անունը հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ մնայուն կերպով հրապարակի վրայ է իր մասին եղած դասախօսութիւններով եւ կամ իր գիրքերուն վերահրատարակութիւններով: Ան ըսաւ, որ Այնճարի մէջ անոր անունով փողոց եւ մշակութային մասնաճիւղ կայ:
Բանախօսը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Պարոյր Սեւակի կենսագրութեան, յատկապէս` անոր ստեղծագործական էութեան: Ան նշեց, որ Պարոյր Սեւակի հոգեմտաւոր աշխարհի հիմնական ասպարէզները, որոնք սիւներն էին անոր բանաստեղծական աշխարհին, Հայաստան հայրենիքի հանդէպ անոր մեծ պաշտամունքը ցոյց կու տան:
Մարդկային բոլոր դրական երեւոյթներու նկատմամբ իր սէրը, հայրենիքի մէջ տիրող որոշ չափով բարդ իրականութիւնը եւ կեանքի այլ կողմեր բացառիկ տաղանդով դրսեւորուած են Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութեանց մէջ:
Թամար Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ Պարոյր Սեւակի ոչ միայն ստեղծագործական, այլ նաեւ անձնական, մարդկային, քաղաքական կեանքի դրական ու նաեւ բարդ, վտանգաւոր իրադարձութիւներուն:
Ան նաեւ նշեց, որ մեկնելով Պարոյր Սեւակի կեանքի իրադարձութիւններէն ու անոր ստեղծագործական աշխարհէն` կարելի է վստահօրէն ըսել, որ Պարոյր Սեւակի մէջ առկայծ էին երեք կարեւոր էութիւններ` Պարոյր Սեւակ բանաստեղծը, Պարոյր Սեւակ հայորդին եւ Պարոյր Սեւակ գլխագիր Մարդը:
Թամար Յովհաննիսեան անդրադարձաւ յայտնի բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանի խօսքին` գրուած Պարոյր Սեւակի Լիբանանի մէջ տպուած գիրքերէն մէկուն մէջ. «Պարոյր Սեւակը ոչ թէ խորհրդային բանաստեղծ էր, այլ իր ազգի ապրումներու, երազանքներու, տուայտանքներու ու ազգային նպատակներու արտայայտիչն էր: Ժամանակի շունչով մարդ արարածի եւ հայրենիքի ճակատագիրով տագնապող մարդն էր, եւ այդ բոլորը մեծագոյն տաղանդով արտայայտուած են իր ստեղծագործութեանց մէջ»:
Թամար Յովհաննիսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Սեւակի կենսագրական գիծերը, ուսումնական ուղին, գրական գործունէութիւնը: Ան շեշտեց, որ Պարոյր Սեւակ բանաստեղծը հայ գրականութեան անդաստան մուտք գործած է 1948-ին հրատարակուած «Անմահները հրամայում են» հատորով:
Ապա Թամար Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Պարոյր Սեւակ մահացած է ինքնաշարժի դժբախտ արկածով, 17 յունիս 1971-ին, շեշտելով, որ մեծ գրողը յաւերժօրէն կը մնայ մեզի հետ, իր հայրենիքին հետ:
Դասախօսութենէն ետք Սաթենիկ, Յուշիկ եւ Արփա Սնապեաններ եւ Միսաք Անտոնեան Պարոյր Սեւակէն բանաստեղծութիւններ կարդացին: