ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Դեսպանին Կոչ Ուղղեց` Հայ Գերիներու Հարցը Արծարծելու ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Նիստին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի Ժընեւի մէջ 60-րդ նիստի առիթով, երէկ նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ Լիբանանի դեսպան Քարոլին Զիատէին` ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու վերաբերեալ:

Հայ Դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ, հակառակ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ նոր զարգացումներուն, որոնք յանգեցան Արցախի հարցով զբաղելու լիազօրուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարման, այդ խմբակի ստեղծման հիմնական պատճառը` Արցախի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը, պաքուի եւ անգարայի պնդումներուն հակառակ, կը մնայ չլուծուած, ուստի միջազգային ընտանիքը եւ մասնաւորաբար ՄԱԿ-ը պէտք է այդ հարցին մէջ ներգրաւուած մնան:

Մարմինը յայտնեց, թէ ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու առանց նախապայմաններու եւ անմիջական ազատ արձակումը կը շարունակէ մնալ մարդասիրական յստակ հրամայական մը:

Հայ Դատի մարմինը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց պարագան այդ գերիներուն մէջ եղող Լիբանանի քաղաքացի Վիգէն Իւլճեքեանին, որ Մայիս 2025-էն ի վեր հացադուլի դիմած է` իբրեւ բողոք իր կալանքի ապօրինութեան ու անմարդկային պայմաններուն դէմ:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Ժընեւի մէջ Լիբանանի դեսպանին կոչ ուղղեց` Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստին արծարծելու Լիբանանի քաղաքացի Իւլճեքեանի եւ մնացեալ հայ գերիներու հարցը:

Հայ Դատի մարմինը նաեւ այս գծով հաղորդագրութիւն մը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: