Արեւմտահայերէնի ուսուցման «Պո Արաքս» Մշակութային Ընկերակցութիւնը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 40-Ամեակը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Այս ծրագիրը, որ ժամանակի հոլովոյթին հետ եղած է արեւմտահայերէնին համար` համալսարանական մակարդակով, Եւրոպայի առաջին խտացեալ դասընթացքներէն մէկը, ծնունդ առած է հայր Լեւոն Զէքիեանի նախաձեռնութեամբ, Վենետիկի «Քա Ֆոսկարի» համալսարանին մէջ, 1986-ին, յետ երկամեայ փորձի շրջանի մը` Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնութիւնը կը վարէր հայր Լեւոնը (1982-1985): 2016-էն սկսեալ դասընթացքը տեղափոխուեցաւ Վենետիկի պատրիարքարանի «Մարչանում» հիմնարկին կից:

«Պո-Արաքս» ընկերակցութեան բարձրագոյն նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայերէնի` յատկապէս արեւմտահայերէնի, հայ մշակոյթի ու պատմութեան աւանդական գանձերը սերմանել եւ փոխանցել նոր սերունդներուն` նոյն ատեն ծառայելով հայ ինքնութեան պահպանման եւ ամրապնդման: Դասընթացքներուն մասնակցած են ոչ միայն աշխարհի զանազան վայրերէ ժամանած հայ երիտասարդներ, այլեւ` օտարազգի մտաւորականներ, որոնք փափաքած են խորացնել իրենց գիտելիքը եւ ընկալումը հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի:

Օգոստոս 2025-ի յոբելենական դասընթացքին մասնակցեցան երեսուն ուսանողներ` ներկայացնելով տասնհինգ երկիրներ: Քառասնամեակի տօնախմբութիւններուն յատուկ շուք եւ ջերմութիւն տուաւ ներկայութիւնը այն նախկին դասախօսներուն եւ ընթացորդներուն, որոնք տարիներու ընթացքին մասնակցած էին այս դասընթացքին եւ այժմ վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յուշերը` նորոգ զօրաշարժով միացան յոբելենական ծրագիրին: Վերջին տասնամեակին դասընթացքը կազմակերպուեցաւ Վենետիկի պատրիարքարանի «Studium Generale Marcianum» հիմնարկին հետ սերտ գործակցութեամբ` Վենետիկի պատրիարքական Դպրեվանքի պալատին պատմական կամարներուն տակ:

Տարիներու ընթացքին դասընթացքը հիւրընկալած է հմուտ եւ քաջավարժ դասախօսներ: Ծրագիրը բաղկացած է չորս մակարդակներէ: Առաջին երեք մակարդակները լեզուի դասարաններ են, իսկ չորրորդ մակարդակը նախատեսուած է հայերէնին` իբրեւ մայրենի տիրապետողներու եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացումը ապահովելու համար: Այս մակարդակը կը նպատակադրէ ո՛չ միայն լեզուական հմտութիւններու բարելաւումը, այլեւ` ընդհանրապէս հայագիտական գիտելիքներու խորացումը:

Յոբելենական տարուան ձեռնարկները նուիրուած էին դասընթացքին 40-ամեայ պատմական հոլովոյթին: Այս յատուկ առիթով հրաւիրուած էր 1986-ի դասընթացքի առաջին տարուան ուսանողներէն հոլանտացի պատմաբան եւ հայագէտ, Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Թէօ Մարթեն Ֆան Լինթ, նաեւ` հայրենիքէն գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուրէն Դանիէլեան: Դասընթացքի շրջագիծին մէջ կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւններու շարք մը, որ ուղղուած էր արեւմտահայերէնին, հայ մշակոյթին եւ հայկական ինքնութեան փոխյարաբերութիւններուն գիտական քննարկման:

Դասընթացքին մասնակցողները հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան մայրավանքը եւ թանգարանը: Իսկ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին օրը մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ անոնք մասնակցեցան ս. պատարագին: Կիրակի, 3 եւ Կիրակի 10 Օգոստոսին Լեւոն արք. Զէքիեան Ս. պատարագ մատուցեց` ընթացորդներու մասնակցութեամբ, Վենետիկի հայոց պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: