
Հայ Դատը Դատապարտեց Մինսքի Խմբակի Լուծարումը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը եւ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան, որ պատասխանատուութեան ենթարկէ ազրպէյճանը՝ Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնելուն համար:
Հայ Դատը դարձեալ զգուշացուց, որ Մինսքի խմբակի լուծարումը կրնայ վնաս հասցնել Հարաւային Կովկասի մէջ արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն ապահովելու ջանքերուն:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը ոչ թէ խաղաղութեան առաջնորդող քայլ է, այլ ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պայման՝ միակողմանի համաձայնութեան հասնելու համար, որ ձեռք բերուեցաւ պարտադրանքի եւ ուժի կիրարկման միջոցով: Այս վտանգաւոր նախադէպը իրականութեան մէջ կը վարձատրէ Ատրպէյճանը՝ Արցախի մէջ իրականացուցած ցեղային զտումին, հայ բանտարկեալները անօրէն կերպով բանտարկուած պահելուն եւ խոշտանգելուն, ինչպէս նաեւ հայկական գերիշխան տարածքները բռնագրաւելուն համար, քայլեր՝ որոնք հարուածներ կը հասցնեն միջազգային իրաւունքին եւ դիւանագիտութեան հիմնական սկզբունքներուն, զորս ժամանակին կը մարմնաւորէր Մինսքի գործընթացը», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը նախապէս շեշտած էր, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական եւ կայուն խաղաղութիւնը կրնայ հաստատուիլ միայն պատասխանատուութեան եւ արդարութեան վրայ, որոնց համար պէտք է պարտադրուին պատժամիջոցներ պաքուի դէմ եւ պէտք է ապահովուի Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան վերադարձը, ազրպէյճանի կողմէ հայ բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը։
Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ նաեւ կոչ կ՛ըլլայ ԵԱՀԿ-ին եւ միջազգային համայնքին, որ շարունակեն Մինսքի խմբակին ստանձնած գործընթացը, պաշտպանել մարդկային տարրական իրաւունքները եւ տեղահանուած հայերու իրաւունքները, գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանութիւնը ապահովելուն զուգահեռ:
«Միայն շարունակական, անկողմնակալ եւ սկզբունքային գործակցութիւնը կրնայ ապահովել Արցախի ժողովուրդին արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները ու Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը»,- կ՛եզրակացնէ Հայ Դատը։