
ՀՕՄ-ի Հիմնադրութեան 115-ամեակի Ոգեկոչում՝ Հայաստանի Մէջ
Հայ Օգնութեան Միութիւնը ուրախ է յայտարարելու, որ շարք մը ձեռնարկներով եւ հանդիսութեամբ պիտի ոգեկոչէ միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակը։ 15-25 Հոկտեմբեր, 2025-ին Հ․Օ․Մ․-ի անդամներ եւ համակիրներ աշխարհի չորս ծագերէն պիտի մէկտեղուին՝ ոգեկոչելու համար աւելի քան դար մը անսակարկ մարդասիրական ծառայութեան, մշակութային պահպանման եւ հայ ժողովուրդին բարեկեցութեան ապահովման առաքելութեան լծուած Հայ Օգնութեան Միութեան 115-ամեակը։
Յոբելենական ձեռնարկները կ՛ընդգրկեն ոգեկոչման հաւաքներ, մշակութային ծրագրեր, ինչպէս նաեւ տարբեր այցելութիւններ՝ լուսարձակի տակ բերելու համար Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնները եւ պատուելու համար անոնք, որոնք իրենց աշխատանքով եւ նուիրումով Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութիւնը իմաստաւորեցին։
Շուտով պիտի յայտարարուի պաշտօնական յայտագրին մանրամասնութիւնները։
Հ․Օ․Մ․-ի 115-ամեակը ոչ միայն անցեալի տօնակատարութիւն է, այլեւ առաքելութիւնը շարունակելու կոչ մը։
Հայ Օգնութեան Միութեան անդամները եւ համակիրները կրնան արձանագրուիլ Հ․Օ․Մ․-ի տեղական վարչութիւններուն մօտ՝ Երեւանի մէջ կայանալիք ձեռնարկներուն մասնակցելու համար։
Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութեան նեցուկ կանգնեցէք՝ նուիրատուութիւն կատարելով հետեւեալ հասցէին․-
Միացէ՛ք մեզի Հայաստանի մէջ՝ ոգեկոչելու համար 115 տարիներու ծառայութիւնը, զօրակցութիւնը եւ նուիրումը։
115 Տարիներու Անխոնջ Նուիրում