
Գիւմրիի Մէջ Կարօ Սասունիի Արձանը Պիտի Տեղադրուի
Գիւմրիի մէջ պիտի տեղադրուի հասարակական-քաղաքական գործիչ, պատմաբան, գրականագէտ, հրապարակախօս եւ հրատարակիչ Կարօ Սասունիի արձանը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Գիւմրիի աւագանիին որոշումով 2 մեթր 40 սանթիմեթր բարձրութեամբ պրոնզաձոյլ արձանը պիտի տեղադրուի քաղաքի Պռօշեան եւ Գարեգին Նժդեհի փողոցներու խաչմերուկին վրայ: Արձանին հեղինակն է քանդակագործ Միսաք Մելքոնեան:
Արձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Զօրավար Սեպուհ» պատմաքաղաքական վերլուծական կեդրոնի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր Աշոտ Ներսիսեանին եւ Կարօ Սասունիի ժառանգորդներուն:
«Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տնօրէն Ինգա Աւագեանը աւագանիին ներկայացնելով Կարօ Սասունիի կենսագրութիւնը` նշեց, որ 1914-1915 թուականներուն վերջինս մասնակցած է հայ ազգի փրկութեան, մասնաւորապէս` Թալինի մէջ Դաշտադէմի ամրոցի կռիւին: 1919 թուականին ան ընտրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, իսկ 1920-ին նշանակուած է Ալեքսանդրապոլի նահանգապետ:
«Նահանգապետ դառնալով` առաջինը պայքարի նախաձեռնեց փտածութեան դէմ եւ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին կարողացաւ վերջ տալ այդ երեւոյթին: Ի՞նչ կ՛ընէր ան. կը ձերբակալէր թէ՛ տուողները, թէ՛ առնողները: Առաւել խիստ էր յատկապէս կաշառք տուողներուն նկատմամբ»,- ընդգծեց Ինգա Աւագեան: