
Հայաստանի Անկախութեան, Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Պահպանումը Գերագոյն Արժէք Է․ Արամ Ա.
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐԸ՝ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին հայրապետական պատգամը կեդրոնացաւ Հայաստանի ներկայ անորոշ եւ մտահոգիչ կացութեան վրայ:

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ 16 Օգոստոսի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի համանուն մատրան զանգերու ղօղանջներուն տակ ընթացք առաւ պատարագը, զոր մատուցեց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
Ապա, հայրապետական թափօրով սուրբ խորան բարձրացաւ կաթողիկոսը եւ նախագահեց Խաղողօրհնէքի ու Մատաղօրհնէքի արարողութեան:
Իր պատգամին մէջ, խօսելով Հայաստանի ներկայ կացութեան մասին` հայրապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութիւնը, ապահովութիւնը եւ ամբողջականութեան ամուր պահպանումը կիզակէտն է իր եւ Կիլիկիոյ սուրբ աթոռի մտահոգութիւններուն:
«Հայաստան այսօր իրողապէս կը գտնուի ներքին ճեղքերու առաւել խորացումով ու աննախատեսելի հետեւանքներով յղի պայմաններու մէջ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը` նշելով ներքին ճակատի վրայ իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնը, իսկ արտաքին ճակատի վրայ, վերջերս Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջամտութեամբ եւ վկայութեամբ կնքուած Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագիրը: «Հարկ է կարեւորութեամբ անդրադառնալ, թէ մեր եկեղեցին մեր ազգին ինքնութեան կարեւորագոյն ազդակներէն եւ մեր գոյութեան ամէնէն զօրեղ կառոյցներէն մէկն է, անկասկած: Բոլոր պայմաններուն մէջ պէտք է զայն պահել կազմակերպ` իր ներքին կեանքով, ու ամուր` իր հայրենակերտ եւ ազգաշէն առաքելութեամբ», շեշտեց Արամ Ա.:
Խօսելով ստորագրուած յիշեալ համաձայնութեան մասին` կաթողիկոսը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ դարերու ընթացքին մեծ ուժերու կողմէ յաճախ կռուախնձոր դարձած Հայաստանին` այսօր աշխարհաքաղաքական ուժերու բախումի հանդիսարան դառնալու վտանգին ենթակայ ըլլալուն: Առ այդ, ան ահազանգ հնչեցուց եւ յորդորեց ըլլալ արթուն եւ զգոյշ, որովհետեւ նորը շինելու հեռանկարով հինը մոռացութեան դատապարտելու փորձը, մեզ անցեալին ու ապագային կապող կամուրջները քանդելը եւ Հայաստանը Սփիւռքէն հեռացնելու ճիգերը մեզ կրնան առաջնորդել դէպի ազգաքանդում:
Վեհափառը յայտնեց, թէ միակողմանի զիջումներով, պայմանական սկզբունքներով եւ մանաւանդ երկդիմի կէտերով լեցուն խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր կրնայ լուրջ վտանգ դառնալ Հայաստանին եւ շեշտեց, թէ համաձայնագիրը պէտք է ժողովուրդին ներկայացուի առարկայական մօտեցումով: