Գանատան Կը Շարունակէ Պնդել Արցախահայութեան Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացման եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Անհրաժեշտութիւնը․ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Օգոստոս 10-ին Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտը, հայ-ազրպէյճանական՝ ուաշինկթընեան համաձայնութիւններուն վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր, ի թիւս այլոց նկատած է․ «Դիւանագիտական բանակցութիւններու միջոցով ձեռք բերուած այսպիսի համաձայնութիւնները յստակ ուղի կը բանան Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համար, որ պիտի օգնէ լուծել մնացեալ խնդիրները, ինչպէս՝ բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ ձերբակալուածներու ազատ արձակումը, հայ քաղաքացիական անձերու անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի ապահովումը, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։

Գանատան նկատի կ՝առնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի լուծարման որոշումը եւ պատրաստակամ է աջակցելու ապագայ իւրաքանչիւր մեքենականութեան, որ պիտի ապահովէ ուժի չկիրառման սկզբունքը, տարածքային ամբողջականութեան յարգումը եւ ինքնորոշման իրաւունքը։

Գանատան կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ ապահովելու երկարաժամկէտ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում Հարաւային Կովկասի մէջ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի քաղաքական կարգաւորուած լուծման հասնիլը»։

Հայ Դատի յանձնախումբը բարձր կը գնահատէ Գանատայի պաշտօնական դիքորոշումը, յատկապէս այն պայմաններուն մէջ, երբ վերջին օրերու զարգացումներէն ետք, կը նկատուի Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, աւելի քան 120,000 անձերու բռնի տեղահանումն ու արցախահայութեան անքակտելի իրաւունքները մոռացութեան մատնելու միջազգային միտում։

Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները գանատական կառավարութեան հետ, որպէսզի պաշտօնական Օթթաուան յառաջիկին եւս պահպանէ իր շատ կարեւոր այս դիրքորոշումը։

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

11․08․2025թ․

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/08/11/297335