
Հայաստանով Անցնող Ճանապարհի Զարգացման Բացառիկ Իրաւունքը ԱՄՆ-ին Պիտի Տրամադրուի. Reuters
Հայաստանով անցնող ճանապարհի զարգացման բացառիկ իրաւունքը պիտի տրամադրուի ԱՄՆ-ին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Reuters-ը։ Ըստ լրատուամիջոցին, ճանապարհը պիտի անուանուի «Միջազգային համագործակցութեան եւ խաղաղութեան թրամփի ուղի»։
Ըստ աղբիւրին՝ Խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ վերափոխել Հարաւային Կովկասը՝ էներկակիրներ արտադրող տարածաշրջան մը, որ կը գտնուի Ռուսիոյ, Եւրոպայի, թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ։ Այդ տեղէն կ՝անցնին քարիւղի եւ կազի խողովակաշարեր, սակայն անիկա կը տառապի փակ սահմաններէն եւ երկարատեւ ցեղական հակամարտութիւններէն։
ԱՄՆ պաշտօնեաները անանուն մնալու պայմանով յայտնած են, որ թրամփի հետ հանդիպման եւ ստորագրման արարողութեան պիտի մասնակցին ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ նիկոլ փաշինեանը։ Անոնց խօսքով՝ պիտի ստորագրուի շրջանակային փաստաթուղթ, որ ուղղուած պիտի ըլլայ «խաղաղութեան յստակ ուղի»-ի հասնելուն եւ երկարատեւ տարանցիկ խնդիրը լուծելուն։
ազրպէյճանը կը ձգտի ստեղծել Հայաստանի տարածքով անցնող փոխադրամիջոցային միջանցք, որ երկրի հիմնական մասը կրնայ միացնել Նախիջեւանի էքսկլաւին, որ սահմանակից է պաքուի դաշնակից թուրքիոյ։
Համաձայն փաստաթուղթի մանրակրկիտ համաձայնեցուած այն հատուածին, որ ղեկավարները պիտի ստորագրեն Ուրբաթ օրը՝ Հայաստանը ԱՄՆ-ին
պիտի տրամադրէ երկարաժամկէտ հիմունքներով տարանցիկ միջանցքի զարգացման բացառիկ իրաւունքներ։ Այդ երթուղին պիտի կոչուի «Trump Route for International Peace and Prosperity» («թրամփի ուղին՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»), կրճատ՝ TRIPP, յայտնած են պաշտօնեաները։
Երթուղին պիտի գործէ հայկական օրէնսդրութեամբ, իսկ Միացեալ Նահանգները հողը ենթավարձակալութեամբ պիտի յանձնեն առեւտրական ընկերակցութեան՝ ենթակառուցուածքներ կառուցելու եւ զանոնք կառավարելու համար։
«Այս քայլը առեւտրային մեքենականութիւններու միջոցով պիտի բացայայտէ տարածաշրջանի ներուժը եւ պիտի օգնէ խուսափելու նոր ռազմական գործողութիւններէն»,- նշած է պաշտօնեաներէն մէկը։
Հայաստանի եւ ազրպէյճանի ղեկավարները նաեւ փաստաթուղթեր պիտի ստորագրեն՝ խնդրելով լուծարել Մինսկի խումբը, որ 1992 թուականէն Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ կը զբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ։
Հայ-ազրպէյճանական հարցով յառաջընթացը սկսած է Մարտին, երբ ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը այցելած է տարածաշրջան։ Անոր խումբի անդամները յետագային նոյնպէս քանի մը այց կատարած են՝ համաձայնագրին աջակցելու համար։
Ամերիկացի պաշտօնեաներու կարծիքով՝ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը կրնայ նախապայման ըլլալ ազրպէյճանի՝ «Աբրահամեան համաձայնագրեր»-ուն անդամակցելու համար։ Անիկա յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագրերու շարք է Իսրայէլի եւ չորս մահմետական երկիրներու միջեւ, որոնք թրամփը կնքած է իր նախագահութեան առաջին ժամկէտին ընթացքին։