
ՀԲԸՄ-ի «Բացայայտիր Հայաստանը» Ծրագրի Մասնակիցները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Այցելեցին
Օգոստոս 2-ին, Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտիր Հայաստանը» ծրագրի մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները։
Սրբազան Հայրը, հայորդիներուն փոխանցելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները, կարեւոր համարեց վերջիններուս այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, որ լավագոյն հնարաւորութիւն է ճանչնալու եւ բացայայտելու հայրենիքը։
Մուշեղ եպիսկոպոսը յորդորեց հայորդիները ըլլալ ՀԲԸՄ-ի բարի աւանդոյթներու շարունակողը, զօրացնել իրենց հաւատքը, սէրն առ հայրենին ու մայր եկեղեցին, Հայաստանէն ստացած տպաւորութիւնները փոխանցել իրենց հասակակիցներուն ու ընկերներուն, որպէսզի անոնք եւս այցելեն հայրենիք ծանօթնալու համար իրենց ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն։
Աւարտին, Սրբազան Հայրը պատասխանեց նաեւ երիտասարդները հետաքրքրող հարցերուն։
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/08/02/297147