
Փաշինեանի Ծրագրածը Ծանր եւ Առանձնապէս Ծանր Յանցագործութիւններ Իրականացնելու Նախապատրաստութիւն է. ՀՅԴ ՀԳՄ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի.
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Վեհարանէն հեռացնելու եւ վերջինս պաշտօնազրկելու մասին նիկոլ փաշինեանի յայտարարութիւնները եւ ծրագրուող գործողութիւնները ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ իրականացնելու նախապատրաստութիւն են։
Մասնաւորապէս, այդ գործողութիւններով պիտի խոչընդոտուի Մայր Աթոռի բնականոն գործունէութիւնը: Այդ կոչերը կ՝ընդգրկեն բռնութեան գործադրման կամ անոր կիրառման սպառնալիքի պայմաններուն մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը պատանդառելու, անոր հրաժարական պարտադրելու, զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու եւ կազմակերպելու քրէօրէն պատժելի արարքներ։
Առ այդ, կը դիմենք հանրութեան՝ չտրուի´լ նիկոլ փաշինեանի հակասահմանադրական եւ հակաիրաւական սադրանքներուն, չմասնակցի´լ անոր կողմէ Վեհարան արշաւելու ծրագրին, չդառնա´լ քրէական օրէնսգրքով պատժելի համարուող խուլիկանութեան, զանգուածային անկարգութիւններու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու մասնակից։
Կը պահանջենք․
– ՀՀ գլխաւոր դատախազէն եւ քննչական մարմիններէն՝ նիկոլ փաշինեանի նկատմամբ նախաձեռնել քրէական վարոյթ եւ զայն ներգրաւել որպէս մեղադրեալ,
– ՀՀ ոստիկանութենէն եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն՝ կանխարգիլել ՀՀ գործադիր իշխանութեան ղեկավարին կողմէ նախապատրաստուող ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնները՝ այդպիսով չդառնալով նման ծաւալներու անօրինականութեան մեղսակից։
Սիրելի´ հայրենակիցներ,
ՀՀ քրէական օրէնսդրութեան համաձայն, քաղաքացիները, որոնք հանդէս կու գան նախապատրաստուող կամ իրականացուող ծանր յանցագործութիւնները կանխարգիլելու դիրքերէն՝ կը գործեն ՀՀ օրէնսդրութեան համաձայն։
Կը դիմենք հաւատաւոր մեր ժողովուրդին․
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին հայ ինքնութեան առանցքային հենասիւնն է, որ դարեր շարունակ պահպանած է մեր ժողովուրդին գոյութիւնը։ Հայոց եկեղեցւոյ շնորհիւ 21-րդ դար հասած մեր ժողովուրդը չի´ կրնար հանդուրժել եկեղեցւոյ, անոր հովուապետի եւ հոգեւորականաց դասի նկատմամբ Հայաստանի վարչապետի հակաօրինական արշաւը, ուստի կոչ կ՝ընենք մեր ժողովուրդին պատրաստ ըլլալու օրինական միջոցներով կանխարգիլելու ծրագրուած յանցագործութիւնն ու պաշտպանելու մեր սրբութեան սրբոցը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
21.07.2025 թ.
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/07/21/296579