Պելճիքայի Դաշնային Խորհրդարանը Արցախի Մասին Բանաձեւ Ընդունած է՝ Դատապարտելով ազրպէյճանը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

2025թ. Յուլիս 18-ին Պելճիքայի երկպալատ դաշնային խորհրդարանի ստորին մարմինը՝ Ներկայացուցիչներու պալատը, միաձայն ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ» բանաձեւը: Այս բանաձեւը ի սկզբանէ դրական կարծիք ստացած էր Պելճիքայի Դաշնային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ Յուլիս 2-ին՝ միաձայն քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք։

Բանաձեւը ներկայացուած է պատգամաւորներ Էլս Վան Հուֆի եւ Միշէլ Տը Մագտի կողմէ։ Անիկա հիմնուած է նախորդ խորհրդարանական դիրքորոշումներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած նմանատիպ փաստաթուղթերու վրայ։ Ընդունուած բանաձեւը միանշանակօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան դէմ, ինչպէս նաեւ անոր նախորդած Լաչինի միջանցքին շրջափակումը՝ ընդգծելով, որ այդ գործողութիւնները կը հանդիսանան միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումներ։ Անիկա նաեւ կը դատապարտէ ազրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութիւնը Հայաստանի դէմ եւ կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։

Բանաձեւը Պելճիքայի դաշնային կառավարութեան կոչ կ՝ընէ՝

․ Աջակցելու ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յանցագործութիւններու միջազգային հետաքննութեան, ներառեալ՝ Հաագայի Միջազգային քրէական դատարան դիմելու միջոցով։

․ Խորացնելու համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ։

․ Պահանջելու 2023 թ. Սեպտեմբեր 19-էն ետք կալանաւորուած բոլոր հայ ռազմագերիներուն անյապաղ ազատ արձակում, ապահովելու անոնց հիմնարար իրաւունքները եւ արդարադատութեան հասանելիութիւնը։

․ ԵՄ մակարդակով պաշտպանելու նպատակային պատժամիջոցներուն կիրառումը այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են հրադադարի խախտումներուն, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող գործողութիւններուն համար։

Բանաձեւը, ազրպէյճանէն հաշուէտուողականութիւն պահանջելով, վերջինս նաեւ կը յորդորէ․

․ Հետեւիլ միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր որոշումներուն։

․ Երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի ցեղական հայերուն իրաւունքները եւ ապահով, անխոչընդոտ վերադարձը՝ միջազգային վերահսկողութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ներքոյ։

․ Դադրեցնել սադրիչ հռետորաբանութիւնն ու ձեռնպահ մնալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ գործողութիւններէն։

․ Ներգրաւուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու հետ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ՝ անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները երաշխաւորելու նպատակով։

․ Թուլատրել անկախ բժիշկներու խումբի այց՝ կալանաւորուած հայերը զննելու համար։

․ Պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը եւ թուլատրել UNESCO-ի առաքելութեան մուտքը տարածք՝ յուշարձաններու գնահատման նպատակով։

․ Դուրս բերել զօրքերը Հայաստանի տարածքէն։

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունած է բանաձեւի միաձայն ընդունումը՝ նշելով․ «Այս բանաձեւը յստակ եւ վճռական դիրքորոշում է Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ՝ հզօրացնելով միջազգային կոչերը՝ յանուն խաղաղութեան, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի պահպանման անկայուն Հարաւային Կովկասի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ իրենց հայրենիք անվտանգ վերադարձի իրաւունքը անժխտելի է, եւ այս միաձայն քուէարկութիւնը կ՝ընդգծէ այդ իրաւունքին անբեկանելիութիւնը։ ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակողական հռետորաբանութիւնը պէտք է դադրեցուի։ Շնորհակալութիւն մեր պելճիքացի բարեկամներուն՝ մարդու իրաւունքներու, արդարութեան եւ ճշմարտութեան ձայնը բարձրացնելու համար։ Ոչ մէկ կազի պաշար կամ հարստութիւն չի կրնար սրբել մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւնները կամ լռեցնել անոնց, որոնք կը պայքարին ճշմարտութեան համար»։

Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ բանավէճի ընթացքին բազմաթիւ պատգամաւորներ խրախուսած են Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ շարունակուող բանակցութիւնները, սակայն շեշտած են, որ խաղաղութիւնը եւ հաշտեցումը պէտք է հիմնուած ըլլան միջազգային իրաւունքի վրայ եւ ըլլան արդար։

Էլս Վան Հուֆը ազդեցիկ ելոյթ ունեցած է՝ յիշեցնելով, թէ ինչպէս պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանի յարձակումը ստիպեց աւելի քան հարիւր հազար հայեր տեղահանուիլ սեփական հայրենիքէն, ինչպէս աւերուեցան գիւղերը եւ եկեղեցիները՝ յանցաւոր գործողութիւններ, որոնք արժանի են միջազգային դատապարտման եւ պատասխանատուութեան։

Նմանապէս, Միշէլ Տը Մագտը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն եւ դատապարտած անոնց նկատմամբ իրականացուած «ամբողջական ցեղական զտումը»։ Ան նաեւ քննադատած է Հայաստանի հանդէպ ազրպէյճանի անհասկնալի նախապայմանները եւ կարեւոր համարած է ազրպէյճանը ճնշելու անհրաժեշտութիւնը՝ հրաժարելու իր յարձակողական հռետորաբանութենէն:    

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

18 Յուլիս, 2025թ․

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/07/18/296441