Համազգայինի 30-րդ Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում)` 19-31 Յուլիսին

Հայաստան, Սփիւռք

19-31 Յուլիս Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական 30-րդ հաւաքը (ֆորում), որ արդէն երեք տասնամեակէ ի վեր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն համար կը հանդիսանայ համախմբման իւրայատուկ առիթ` կամրջում ստեղծելով անոնց միջեւ, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելով: Այս հաւաքը նաեւ առիթ կ՛ըլլայ միտքերու փոխանակումներու, քննարկումներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու մտայնութեան եւ իրականութեան ծանօթանալու:

17 Յուլիսին Լիբանանէն Հայաստան մեկնեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ մասնակիցները, ինչպէս նաեւ հաւաքի պատասխանատու կազմը: Անոնց պիտի միանան աշխարհի տարբեր երկիրներէ ուսանողներ` գործադրելու պատրաստուած ծրագիրը:

Այս տարի յատուկ շուքով պիտի նշուի նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքի 30-ամեակը: 22 Յուլիս 2025-ին Հայաստանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային հսկայ համալիրին մէջ այս առիթով տեղի պիտի ունենայ նախկին ֆորումական Սէրուժ Պաղտասարեանի երաժշտական իւրայատուկ եւ մեծ տարողութիւն ունեցող համերգը` Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, որուն տոմսերը արդէն ամբողջութեամբ սպառած են: Այս համերգը կը նուիրուի մեզմէ առյաւէտ հեռացած ֆորումականներ` Էտուին Իսաղուլեանի (մահացած Միացեալ Նահանգներ) եւ Արտակ Իշխանեանի (նահատակուած Արցախի 44-օրեայ պատերազմին) անթառամ յիշատակին: