Լոյս Տեսաւ Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի` «Ներսէս Դ. Շնորհալի Սուրբ Եւ Դիւանագէտ Եւ Ժողովուրդին Ու Եկեղեցիին Գոյատեւումը Արեւմտեան Հայաշխարհին Մէջ» Հատորը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ արեւմտեան հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ» մատենաշարին հրատարակութեամբ, լոյս տեսաւ երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) հատոր մը` «Ներսէս Դ. Շնորհալի սուրբ եւ դիւանագէտ եւ ժողովուրդին ու եկեղեցիին գոյատեւումը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ» խորագիրով: Հեղինակն է փրոֆ. Սեդա Պարսումեան – Տատոյեան` հանրածանօթ մտաւորական, հեղինակ, դաստիարակ եւ արուեստագէտ: Հատորը պատմագիտական վերլուծում մըն է Շնորհալիի ընդհանուր աւանդին քաղաքական եւ դիւանագիտական կողմերուն` իբրեւ օրկանական տարրեր` արեւմտեան հայաշխարհին կազմաւորումին մէջ, հազարամեակ մը առաջ: Այս հրատարակութիւնը առաջինն է նշեալ մատենաշարին` նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին:

Հանրութիւնը ունենալով իբրեւ «ընթերցող-հասարակութիւն»` «իր տեսակին մէջ առաջինը` այս ձեռնարկը իր ծննդոցը ունի միաժամանակ ընկերային, մշակութային եւ պատմագիտական մտահոգութիւններու մէջ»,  կը գրէ հեղինակը իր նախաբանին մէջ` աւելցնելով. «Նպատակն է մտաւորական եւ հոգեւոր մշակոյթն ու ապրուա՛ծ, ոչ թէ երեւակայուած կամ շարադրուած պատմութիւնը դարձնել ժողովուրդին մատչելի եւ մաս` անոր մտադրոյթին, այսինքն` մտածելակերպի հորիզոններուն: Որովհետեւ այն, ինչ որ չենք գիտեր, կամ գիտենք անհատապէս եւ հաւաքաբար, կամ կը կարծենք, թէ գիտենք, ճիշդ կամ սխալ, ամբողջական կամ թերի, անպայմանօրէն կ՛ազդէ մեր ընտրութիւններուն եւ գործելակերպին վրայ»:

Փրոֆ. Տատոյեանի հիմնական մասնակցութեամբ, կը գրէ Գեղամ արք. Խաչերեան իր յառաջաբանին մէջ, Արեւմտեան թեմի մատենաշարի ծրագրին հիմնական նպատակն է ստեղծել «hայագիտական սիմփոզիում» մը, զրուցարան մը, նաեւ` հանրային մշտաբաց «կլոր սեղան» մը, ուր բոլոր հարցերը` անցեալ, ներկայ եւ ապագայ, առարկայ են յարատեւ սերտողութեան եւ քննարկումի` զարգացնելու համար հիմնաւորուած գիտութիւն, ճիշդ անդրադարձներ եւ համապատասխան գործելակերպ: «Հայապահպանումը ազգային կեանքի պատասխանատու դերերու նուիրուած անձնաւորութեանց համար առօրեայ պայքար է, նկրտում է», կը գրէ առաջնորդը` աւելցնելով. «Փրոֆ. Տատոյեանի պրիսմակէն` մեր արեւմտեան հայաշխարհին մէջ այս կացութիւնը կը բացայայտուի ոչ թէ իբրեւ յետեղեռնեան, այլ գրեթէ հազարամեակի մը վրայ տարածուած եւ զայն յատկանշող վիճակ: Անիկա կը սկսի Բագրատունեաց թագաւորութեան Անի մայրաքաղաքին անկումէն (1045) ալ առաջ, ժողովուրդին զանգուածային գաղթերով դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, եւ հայրենի հողերէն անդին` արեւմտահայ հայաշխարհի մը կազմաւորումով»:

Փրոֆ. Տատոյեանի նախաձեռնութիւնը Ներսէս Շնորհալիի, նաեւ` Հայոց եկեղեցւոյ այլ «սուրբերու» քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզը եւ աւանդը բացայայտելու, կը միտի վերանայիլ եւ վերլուծել իր, նաեւ միւսներուն ժամանակաշրջանին եւս պատմա-քաղաքական պարագաները, այս պարագային` արեւմտեան հայաշխարհին հազարամեայ պատմութիւնը: Պատմական այս գործընթացին մէջ կարեւոր բաժին մը կը վերաբերի եկեղեցիին եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւս պատմութեան ու դերին արեւմտեան հայաշխարհին մէջ:

Պատմավերլուծական նախաձեռնութեան նպատակն է, կը բացատրէ առաջնորդ սրբազանը, դիւրըմբռնելի սահմաններու մէջ մատչելի դարձնել տարբեր նիւթեր եւս յառաջիկային` «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ արեւմտեան հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ» վերնագրին տակ, աւելցնելով. «Այս ուղղութեամբ նկատի ունինք հետեւեալ կէտերը.

– Հայոց եւ իրենց հաստատութեանց, պատմական փորձառութեան ճանաչողութեան անհրաժեշտութիւնը,

–  Վերոյիշեալ ծիրէն ներս, պատմական յստակ տուեալներով ամբողջական բացայայտումը Հայ եկեղեցիին, կաթողիկոսութեան եւ եկեղեցականներու իւրայատուկ պատմական ասպարէզին, ինչպէս նաեւ` անոնց քաղաքական, ընկերային եւ այլ դերերուն հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին մէջ,

– Արեւմտեան հայաշխարհին պատմական հազարամեայ կազմաւորումին եւ զարգացումին պարագաները, բնոյթը եւ իւրայատկութիւնները, արեւելեան հայաշխարհին առընթեր, իբրեւ նոյն իրականութեան տարբեր կողմերը»:

Մատենաշարին առաջին այս աշխատութիւնը կը վերաբերի հայոց եւ իրենց եկեղեցիին պատմութեան ճակատագրական պահերու մեծերէն` Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալիի (ծ. 1100, իշխ. 1166 1173) գործունէութեան եւ արեւմտեան հայաշխարհի կազմաւորումի վերլուծումին: «Միշտ եւ ամէն տեղ, ուր եղած են հայերը, իրենց հետ եղած է իրենց կաթողիկոսութիւնը` իբրեւ կենսական մաս ընդհանուր հայկական զանցակարգէն (Armenian meta-system) կամ վիճակէն (condition): 1045-ին, Անիէն արտաքսումէն շատ առաջ, չորրորդ դարէն ի վեր, այս իւրայատուկ հաստատութիւնը կը մարմնաւորէ ժողովուրդին եւս պատմական պայմանները եւ եղափոխութիւնը ամէն տեղ», կը գրէ Տատոյեան: Շնորհալի ապրեցաւ հայոց եւ Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն փոթորկոտ ժամանակներուն ընթացքին, զոր փրոֆ. Տատոյեան կը կոչէ «Հայկական միջնարարը» (Armenian Intermezzo): Միջնադարեան ոչ մէկ կաթողիկոս Շնորհալիի չափ մօտէն զբաղեցաւ եկեղեցական միութեան եւ ազգային ինքնուրոյնութեան խնդիրներով եւ դրաւ իր անհատականութեան դրոշմը հոն: Կիլիկիոյ մէջ էր, որ քաղաքականութիւն եւ կրօնական մշակոյթ յաճախ գտնուեցան նոյն մակարդակին վրայ, եւ հոսկէ անհրաժեշտութիւնը անոր աւանդին սերտողութիւնը` քաղաքակա՛ն տեսանկիւնէ:

Հետեւեալը բովանդակութիւնն է այս հատորին.

Առաջին ՄասՇնորհալին Սուրբ Եւ ԴիւանագէտԵրկրորդ ՄասՊատմական Պայմանները

  1. «Հայկական միջնարարը» եւ Կիլիկիոյ կազմաւորումը
  2. Հայկական Կիլիկիան իր շրջանին եւ պայմաններուն մէջ

III. Շնորհալին անկախ պետութեան մը ի խնդիր երկու հակադիր ծրագիրներու միջեւ

  1. Մլեհ եւ Զանգի – Հայկական Կիլիկիոյ ծրագիրը

Երրորդ ՄասՇնորհալիի Աւանդը Տարբեր Մակարդակներու Վրայ

  1. Շնորհալիի նախորդները եւ իրենց աւանդը
  2. Գրիգոր Գ. եւ Ներսէս Դ. – Միացեալ գահակալութիւն

III. «Ողբ Եդեսիոյ» իբրեւ մուտք Շնորհալիի աւանդին

  1. Շնորհալիի աւանդը իբրեւ աստուածաբան, բարեկարգիչ, դաստիարակ, դիւանագէտ
  2. Եկեղեցական միութեան գործընթացը համառօտ կերպով: