
ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումի Պաշտօնական Բացումը Տեղի Պիտի Ունենայ Յուլիս 15-ին
Յուլիս 15-ին, ժամը 14:00-ին, Երեւանի մէջ, Նեմեսիսի յուշարձանին մօտ տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ Համահայկական բանակումի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք՝ մասնակիցները երթով պիտի շարժին դէպի Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձան, ուր դեղի պիտի ունենայ ծաղկեդրման արարողութիւն։
Բացման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի անդամներ եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ։
Ելոյթներով հանդէս պիտի գան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, Համահայկական բանակումի պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան (Գանատա), ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Ժոր Աւտալեան։
ՀՅԴ Երիտասարդական համահայկական բանակումները ունին աւելի քան 40 տարուան պատմութիւն: Առաջին համահայկական բանակումը տեղի ունեցած է 1983 թ. Յունաստանի մէջ: Անոր յաջորդած են 3 բանակումներ արտերկրի մէջ՝ 1984 թ., 1986 թ. եւ 1992 թ.: Ապա 7 բանակումներ վերանկախ հայրենիքի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ, 1997 թուականէն մինչեւ 2011 թ.:
12-րդ Համահայկական բանակումը կը գումարուի մեր ազգի պատմութեան նշանակալից շրջափուլին ընթացքին: Հայրենի մեր ժողովուրդը բռնի տեղահանուած է իր հազարամեակներու բնօրրանէն՝ Արցախէն, հայոց պետականութիւնը պատանդաւորուած կը մնայ՝ անձնատուր եւ թշնամակատար իշխանութիւններուն կողմէ, անոր տարածած պառակտման եւ ուրացումի քաղաքականութեան հետքերը թափանցած են Սփիւռքի գաղութներ եւ վիհ յառաջացուցած հայրենիքի հետ: Հայ ազգի արժէքային հիմնասիւները հարուածի տակ կը գտնուին, իսկ հայ մարդը դէմ յանդիման է ճակատագրական երկընտրանքի առջեւ՝ պայքարիլ եւ արարե՞լ, թէ՞ ընկրկիլ եւ գոյատեւելու նման գոյութիւնը քարշ տալ: Այս պայմաններուն մէջ, ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը պիտի հաւաքուի հայրենի հողին վրայ աշխարհի աւելի քան 16 երկիրներու մէջ գործող 22 երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէ՝ 350 մասնակիցներով:
ՀՅԴ Երիտասարդները յստակ ուղերձ պիտի յղեն համայն հայութեան եւ, մասնաւորապէս, հայ երիտասարդութեան առ այն, որ ոչինչ աւարտած է, քանի դեռ մեր յաղթերգի ղողանջները չեն արձագանգած Արցախի մէջ, քանի դեռ մեր հայրենակիցները չեն վերադարձած տուն, քանի դեռ պայքարի ոգին ողջ եւ առոյգ է մեր մէջ, քանի տակաւին Միացեալ Հայաստանի տեսլականը կը շողայ մեր սրտերուն մէջ ու արիւն կը հոսի մեր երակներուն մէջ: Երբ ժողովուրդները իտէալ չունենան, կը մնայ ստրկութեան եւ ոչնչացման հեռանկարը: Ուստի, այո՛, մենք ունինք իտէալ: Մենք կը հաւատանք մեր անկախութեան, կը գիտակցինք մեր իրաւունքներու անժամանցելիութիւնը եւ տէր ենք անկոտրում կամքի: Կը մերժենք մեզի պարտադրուած յարմարուողականութեան շղթաները: Կ՝ընտրենք ներկան տեսնել որպէս նոր յաղթանակներ եւ նուաճումներ կերտելու հնարաւորութիւն:
Կը հրաւիրենք հայրենի եւ սփիւռքահայ մեր բոլոր հայրենակիցները միանալու մեր հաւաքին, որպէսզի գօտեպնդուինք իրարմով եւ վերանորոգենք մեր ուխտը հայութեան արդար դատին համար: Մեր համախմբուած ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ արժանի պատասխան է մեր թշնամիներուն եւ մեզ հալածողներուն: Հայրենիքը ամէն բանէ վեր պահող երիտասարդութեանը Հայրենիքէն հնարաւոր չէ տարանջատել:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
14.07.2025թ. Երեւան
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/07/14/296228