Կլենտէյլի Մէջ Տեղի Ունեցած է Հանրահաւաք՝ Ի Պաշտպանութիւն Եկեղեցւոյ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 13-ին Կլենտէյլի մէջ, Հայաստանի հիւպատոսութեան դիմաց, տեղի ունեցաւ «Ազգային ճակատ» շարժման նախաձեռնած հանրահաւաքը՝ ի պաշտպանութիւն Հայոց Եկեղեցւոյ եւ ընդդէմ Հայաստանի մէջ լայն թափ առած անհիմն ու ապօրինի բռնաճնշումներուն։

Լոս Անճելըսի հայկական սփիւռքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ՝ համայնքային, հոգեւոր ու հասարակական գործիչներ, ելոյթներով պահանջեցին անյապաղ դադրեցնել Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, ազգային բարերարներու եւ ազգային դիմագիծ ունեցող գործիչներու նկատմամբ իրականացուող ճնշումները, ինչպէս նաեւ ազատ արձակել ներկայիս կալանքի տակ գտնուողները։

Ելոյթներուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ եկեղեցւոյ ինքնիշխանութեան ու կրօնական ազատութեան պաշտպանութիւնը համահայկական առաջնահերթ խնդիր է, իսկ պետութեան ցանկացած ոտնձգութիւն հայ սփիւռքը կը դիտէ որպէս հարուած ողջ ազգային ինքնութեան։

Մասնակիցները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ հայութիւնը միասնական է եւ պատրաստ կանգնելու իր հոգեւոր արժեհամակարգի կողքին, քանզի իւրաքանչիւր հարուած եկեղեցիին կ՝ընկալուի որպէս հարուած հայութեան սրբութիւններուն։

Տեղի ունեցած հանրահաւաքը Լոս Անճելըսի հայութեան կամքի դրսեւորում էր՝ աննկուն ու անդադար, որ պիտի չի լռէ, քանի դեռ հաւատն ու արդարութիւնը չեն վերադարձած հայրենի տուն։

Հայոց եկեղեցւոյ պահապանութեան համահայկական խորհուրդ