Խստօրէն Կը Դատապարտենք Այն Փորձերը, Որոնց Նպատակն է Վախցնել, Լռեցնել ու Ահաբեկել Քաղաքականապէս Գիտակից Հայ Երիտասարդները․ Յայտարարութիւն

Հայաստան

Վերջին օրերուն մենք ականատես կ՝ըլլանք Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան նկատմամբ ուղղուած զրպարտչական, վարկաբեկման եւ ձեռնավարական (manipulative) արշաւի, որ ոչ թէ հիմնուած է իրականութեան վրայ, այլ՝ թելադրուած է քաղաքական իշխանութեան կողմէ։

Երիտասարդական Միութեան անունով խստօրէն կը դատապարտենք այն փորձերը, որոնց նպատակն է վախցնել, լռեցնել ու ահաբեկել քաղաքականապէս գիտակից, գաղափարական համոզմունքներով առաջնորդուող հայ երիտասարդները։

Մեր ընկերներուն նկատմամբ իրականացուող գործողութիւնները՝ անօրինական ձերբակալութիւններ, խուզարկութիւններ, կեղծ մեղադրանքներ, կը յիշեցնեն խորհրդային զսպողական աւանդոյթները։

Երիտասարդները ձերբակալել խաղային զէնքերու, օրէնքի սահմաններու մէջ ազատ վաճառքի դրուած խաղային այլ իրերու ձեռքբերման համար՝ ուրիշ բան չէ, քան ծաղրի առարկայ դարձնել ուժային եւ յատուկ ծառայութիւնները։

Հրապարակել 135-ամեայ կուսակցութեան՝ գրեթէ նոյն տարիքի կարգախօսով շապիկ եւ պարծենալ «բացայայտուած ահաբեկչական գործողութիւններով» ՝ ուրիշ բան չէ, քան ազգային ամօթ։

Պետական աշխատակազմը՝ դատախազութիւն, քննչական մարմիններ, յատուկ ծառայութիւններ, այս օրերուն զբաղած են ոչ թէ Հայաստանի գլխուն կախուած նոր պատերզմի, սպառնալիքներու կանխարգելմամբ, հասարակութեան, սահմաններու պաշտպանութեան առաւել ամրացմամբ՝ այլ սթրայքբոլի սիրահարներու «բացայայտման եւ վնասազերծման» լուրջ ու պատասխանատու աշխատանքով։

Մենք հպարտ ենք մեր ընկերներով, որոնք պատուի ու սկզբունքի հարց կը համարեն պայքարը յանուն հայրենիքի, եւ ոչ մէկ կարծրատիպ, սպառնալիք կամ զրպարտութիւն չի կոտրեր այդ կամքը։

ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը շարունակէ իր գաղափարական, քաղաքական ու կրթական պայքարը՝ պատասխանատուութեամբ, ազնուութեամբ ու համարձակութեամբ։ Իսկ այս շինծու գործընթացները ոչ թէ կը վախցնեն, այլ նոր համոզմունք ու իմաստ կու տան մեր պայքարին եւ կ՝ապահովեն մեր գաղափարական ընկերներու եւ համակիրներու համախմբումը։  

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան

Կեդրոնական վարչութիւն

2025 թ․ Յուլիս 11