Սուրիոյ Ուղղափառ Եկեղեցին Դատապարտած է ՀՀ Իշխանութիւններուն Յարձակումները Հայ Եկեղեցւոյ Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիոյ Ուղղափառ եկեղեցին դատապարտած է Հայաստանի իշխանութիւններուն յարձակումները Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ։

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հոգեւոր, պատմական եւ ազգային մեծ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդի եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ողջ ընտանիքին համար»: Այս մասին X սոցիալական ցանցի վրայ յայտարարած է Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի պատրիարք Մար Իգնատիոս Եփրեմ Երկրորդը:

«Անոր Սրբութիւնը խաթարելու, ներքին կառավարումը խաթարելու կամ հոգեւորականները հետապնդելու ցանկացած փորձ կրօնական ազատութեան եւ եկեղեցական միասնութեան լուրջ խախտում է»,- գրած է պատրիարքը:

3