Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան Թեմի Ուխտաւորները

Հայաստան, Սփիւռք

Յուլիս 10-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի Պոսթընի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ուխտաւորները եւ թեմի Հայաստան ծառայութեան ծրագրի պատանի մասնակիցները՝ առաջնորդութեամբ Տ․ Վազգէն քահանայ Կուզուեանի եւ Տ․ Թադէոս քահանայ Բարսեղեանի։

Հայցելով Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը՝ քահանայ հայրերը նշեցին, որ ուխտաւորները Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած են իրենց ուխտը վերանորոգելու եւ Հայրենիքի հետ կապը զօրացնելու առաքելութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը, իր հայրական օրհնութիւնը բերելով ներկաներուն, գոհունակութեամբ ընդգծեց ուխտաւոր հայորդիներուն կողմէ Հայրենիքի եւ Մայր Եկեղեցւոյ հանդէպ դրսեւորուող անկեղծ նուիրումն ու սէրը։

Այս առնչութեամբ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հոգեւոր հայրերուն՝ կարեւոր համարելով նմանօրինակ ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը, յատկապէս երկրի համար այս դժուար ժամանակաշրջանին։

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու համար Մայր Աթոռի մէջ կազմակերպուող կրթական ծրագրերուն, որոնց նպատակն է զօրացնել վերջիններուս հայոց լեզուի եւ պատմութեան իմացութիւնն ու հոգեւոր գիտելիքները, ինչպէս եւ հայրենասիրական ոգին ու ազգային գիտակցութիւնը։

Վեհափառ Հայարապետը ուխտաւորներուն յորդորեց իրենց զաւակները խրախուսել մասնակցելու վերոյիշեալ դասընթացներուն, որոնք շարունակական պիտի ըլլան։

Հանդիպման ընթացքին Հայոց Հովուապետը պատգամեց ներկաները հաւատքով զօրացած վերադառնալ իրենց համայնքները եւ նախանձախնդրօրէն մասնակից ըլլալ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգապահպան առաքելութեան իրականացման։

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/07/10/296009