
Անընդունելի է Նախագահ Մաքրոնի Դիրքորոշումը․ Յայտարարութիւն
Նախագահ Մաքրոնի՝ փաշինեանի հետ հեռախօսային հաղորդակցութեան բովանդակութիւնը անհասկնալի եւ անընդունելի է ու, ըստ ամենայնի, դատապարտելի:
Երկու ուղղութիւններով տրուած պատգամը չի կրնար տեղաւորուիլ ֆրանսական քաղաքական դասական տրամաբանութեան մէջ:
ա – Ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել այն անձին, որ Արցախը կամաւոր յանձնած է թշնամիին, որ 800 հեկտար հող զիջած է նոյն թշնամիին, որ 5000 երիտասարդ գիտակցաբար ուղարկած է դէպի մահ, ի վերջոյ, կապիտուլացիայի ռահվիրա է: Պարոն նախագահ, Դուք, ուրեմն, նոյն տրամաբանութեամբ կը զօրակցէի՞ք մարշալ Փեդենին։ Վստահաբար՝ ոչ:
Աւելին: Ինչպէ՞ս կը զօրակցիք Հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքար յայտարարած, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նկատմամբ ամենագռեհիկ արտայայտութիւններով հանդէս եկող անձին: Միեւնոյն զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէի՞ք, օրինակ, Հռոմի Պապի նկատմամբ որեւէ նման արտայայտութեան պարագային կամ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նկատմամբ որեւէ նման արշաւին: Վստահաբար՝ ոչ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան, այսպէս կոչուած, ոտնահարման, որու պատասխանատուութիւնը կամայ-ակամայ կը վերագրէք ընդդիմութեան, ապա Ձեր հասցէագրումը պէտք է կատարէք լրիւ հակառակ ուղղութեամբ, պարոն նախագահ, զայն ուղղելով նոյն Ձեր հովանաւորեալին, որովհետեւ ա՛ն է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ոտնահարման հիմնական պատասխանատուն, երբ ապօրինաբար կը ներխուժէ Վեհարանի տարածք, սուտ ու շինծու պատրուակներով կը հալածէ, կը ձերբակալէ, կը կալանաւորէ հոգեւորականներ, քաղաքական պատասխանատուներ, աքթիւիստներ, պարզապէս որովհետեւ ընդդիմախօս են իրեն եւ ընդդիմադիր՝ իր իշխանութեան: Դուք նոյն կեցուածքը կը ցուցաբերէ՞ք ձեր ընդդիմադիրներուն նկատմամբ, պարոն նախագահ: Վստահաբար՝ ոչ:
բ -թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու մասին կը խօսիք, կը ջատագովէք սահմանի բացում, պարոն նախագահ: Բայց ո՞ր եւ ի՞նչ խաղաղութեան մասին է խօսքը, երբ միակողմանի եւ անընդհատ զիջում միայն կը կատարուի, երբ պաշտօնական պաքուն Հայաստանը կը շարունակէ դիտարկել, այսպէս կոչուած, «արեւմտեան ազրպէյճան», իսկ անգարան մատ կը թափահարէ օրը ցերեկով՝ յայտարարելով, որ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը դեռ դաս չէ եղած հայերուն…
***
Պարոն նախագահ, եթէ Ձեր այս կեցուածքը կը բխի հակառուսական Ձեր եւ ընդհանրապէս եւրոպական դիրքորոշումէն՝ Հայաստանի իշխանական շրջանակի նման ընդդիմութիւնը նկատելով ռուսամէտ, կը սխալիք, որովհետեւ ներհայաստանեան ու ներհայկական ներկայ տագնապն ու պայքարը երկու հոսանքներուն միջեւ ունի մէկ ու միակ վերնագիր՝ ԱԶԳԱՅԻՆՆ ԸՆԴԴէՄ ԱՊԱԶԳԱՅԻՆԻՆ։ Հետեւաբար, պարոն նախագահ, կ՝ակնկալենք, որ իբրեւ երկրի առաջին դէմք, հետեւիք Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան բնորոշ դասական ոճին, որ կը դաւանէ հաւասարակշռուած ըլլալ իր երկարամեայ կենսափորձով:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէ
Փարիզ, 30 Յունիս 2025