Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Փոխանցուած է Արամ Ա-ի Մտահոգութիւններն ու Իրավիճակէն Դուրս Գալու Անոր Պատկերացումները

Հայաստան, Սփիւռք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչները՝ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանն ու Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեանը, Էջմիածնի մէջ հանդիպած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հետ։

Անոնք Գարեգին Բ–ին փոխանցած են Արամ Ա-ի մտահոգութիւններն ու այս իրավիճակէն դուրս գալու անոր պատկերացումները։ Արամ Ա-ի ներկայացուցիչները նաեւ լսած են Գարեգին Բ-ի մտահոգութիւններն ու տեսակէտները։

Երկու սրբազան հայրերը, յանուն Վեհափառ հայրապետի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, շեշտած են հայ եկեղեցին ամուր ու կազմակերպ պահելու հրամայականը՝ իր հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան մէջ։