Օրուայ Գլխաւոր Խնդիրը Հայաստանի Վերջանական Բռնատիրացումը Կանխելն է. ԱԺ «Հայաստան» Խմբակցութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Յայտարարութիւն

«Գործող իշխանութիւնը հատած է օրէնքի եւ բարոյականութեան բոլոր սահմանները: Թշնամաբար հարուածներ հասցուցած է պետականութեան բոլոր յենասիւներուն՝ Անկախութեան հռչակագրին, Սահմանադրութեան, բանակին, եկեղեցիին, սփիւռքին: Յանձնած է Արցախը: Նենգ գործելաոճով կը փորձէ լռեցնել ազգային դիմադրութեան օճախները:

Քողարկելով իր յանցաւոր վարքագիծը, շեղելով հանրութիւնը հայոց պետականութեան սպառնալիքներէն, ձգտելով խուսափիլ ազգային դաւաճանութեան համար պատասխանատուութենէն՝ նիկոլ փաշինեանը բացայայտ ահաբեկչութիւն կ՝իրականացնէ հայ ժողովուրդի հանդէպ:
Կը շարունակուին բռնատիրութեան կանոններով մարդոց ապօրինի ձերբակալութիւնները, խուզարկութիւններն ու կալանաւորումները: Կը ներկայացուին շինծու մեղադրանքներ, կը կիրառուին հոգեբանական տեռորի բոլոր միջոցները՝ ուղեկցելով զանոնք «յանցանքներ»-ու նախապատրաստութեան արհեստածին նկարագրութիւններով:

Ազգային ընդդիմադիր գործիչներուն, անոնց աջակիցներուն վերագրուող արարքները չարիքի իշխանութիւնը կրնայ տարածել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ հայրենիքով մտահոգ իւրաքանչիւր անդամի նկատմամբ:

Նման պայմաններու մէջ հայ ժողովուրդի բոլոր արժանապատիւ զաւակներուն պարտքն է միաւորուիլ եւ կանխել հայոց պետականութեան գլխաւոր սպառնալիքի՝ Հայաստանի գործող իշխանութեան յետագայ գործողութիւնները:

Օրուայ գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի վերջանական բռնատիրացումը կանխելն է, ասոնց հեռացումը, պատասխանատուութեան ենթարկելը, երկրի ու հայութեան արժանապատուութեան վերականգնումը:

Այդպէս ալ պիտի ըլլայ: Շուտով»: