Արցախի Մշակութային Հարուստ Ժառանգութիւնը Պիտի Շարունակէ Տեսանելի Դարձնել Մեր Ժողովուրդի Ինքնութեան Անբաժանելի Շերտերը

Հայաստան

Անցեալ Շաբաթ օրը «Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւն» ՀԿ-ն ներկայացաւ Դիլիջանի մէջ կայացած Հայ-Վրացական խոհարարական մշակութային փառատօնին։

Փառատօնի ընթացքին Արցախին տրամադրուած 12 տաղաւարներուն մէջ ներկայացուեցան արցախցի արուեստագէտներու եւ արհեստաւորներու ձեռագործ աշխատանքներ, յուշանուէրներ ու արուեստի գործեր։ Մեր այցելուները անմիջապէս գրաւեց նաեւ արցախեան խոհանոցի խորհրդանիշը՝ Ժենգեալով հացը, որ դարձաւ փառատօնի ամենասիրելի համային կանգառներէն մէկը։

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք փառատօնի կազմակերպիչներուն, որոնք առանց վարձավճարի տրամադրած տաղաւարներուն միջոցով հնարաւորութիւն տուին Արցախը լիարժէք ներկայացնելու միջազգային հարթակի վրայ։

Արցախի մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ շունչ տալ ու տեսանելի դարձնել մեր ժողովուրդի ինքնութեան անբաժանելի շերտերը։

«ԱՊԱՌԱԺ»