
UCLA-ի Մէջ՝ Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայերէն Խլուած Կալուածներուն Նուիրուած Ծրագիր
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրը նախաձեռնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերէն խլուած կալուածներու ճակատագիրին նուիրուած նոր ծրագիր մը, որուն մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին համացանցային աշխատանիստի մը ընթացին, որ տեղի պիտի ունենայ 16 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
թուրքիոյ կողմէ «լքուած կալուածներ» որակուած հայերու կալուածները 1920-ականներուն եւ 1930-ականներուն աճուրդի հանուած էին եւ վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է այդ աճուրդներուն մասին 34 քաղաքներու թերթերուն մէջ կատարուած ծանուցումներուն վրայ, որոնք թարգմանուած են արդի թրքերէնի եւ անգլերէնի։
Անկախ ուսումնասիրող Սայիթ Չեթինօղլու տարիներէ ի վեր կը հետապնդէ նշեալ ծանուցումները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրին աջակցութեամբ կրցած է թուայնացնել զանոնք, հանրութեան տրամադրելի դարձնելու համար, աջակցութեամբ թարգմանիչներ Աթիլլա Թույղանի եւ Նանօր Յարութիւնեանի։
Արխիւը հանրութեան տրամադրելի պիտի դառնայ 16 Յունիսի աշխատանիստէն ետք։
Աշխատանիստին ընթացքին, դոկտ. Թաներ Աքչամ մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացնէ ծրագիրին մասին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ համացանցային աշխատանիստին արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը։