Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Հայագիտական Դասընթացներուն Մասնակից Սփիւռքահայ Երիտասարդները

Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 12-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Յունիսի սկիզբէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեկնարկած հայագիտական եւ կրօնագիտական դասընթացներուն առիթով սփիւռքի տարբեր թեմերէ ժամանած երիտասարդները։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Մայր Աթոռի մէջ կազմակերպուած դասընթացներուն նպատակն է զօրացնել երիտասարդներու հայոց լեզուի եւ պատմութեան իմացութիւնն ու հոգեւոր գիտելիքները, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռել հաղորդ դառնալու հայրենիքի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան եւ արժէքներուն։ Հայորդիներու համար կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային ծրագրեր եւ ուխտագնացութիւններ դէպի տարբեր սրբավայրեր։

Ծրագիրը կը համակարգէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ․ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը։ Ծրագրին, կազմակերպչական հարցերու մէջ, իրենց օգտակարութիւնը կը բերեն նաեւ Ղազարաւանի միանձնուհիները։

Զրոյցին ընթացքին, իր հայրական օրհնութիւնը բերելով սփիւռքահայ երիտասարդներուն, Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջիններուս համախմբման առիթով, հետաքրքրուեցաւ անոնց առօրեայով եւ ուսումնառութեան ընթացքով։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց դասընթացներուն կարեւորութիւնն ու օգտակարութիւնը գիտելիքներու հարստացման, ազգային ոգիի, առ հայրենին ու ազգայինը սիրոյ առաւել ամրապնդման առումով։

Իր խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորեց երիտասարդ հայորդիները համախումբ ըլլալու Հայոց Եկեղեցւոյ շուրջ, ջանասիրութեամբ շարունակելու ուսումը եւ ձեռք բերած գիտելիքներով հարստացած, իբրեւ ազգի արժանաւոր զաւակներ, իրենց ներդրումն ունենալու հայրենիքի ու իրենց աշխարհասփիւռ համայնքներու առաւել զօրացման գործին մէջ։

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2025/06/12/294207