17-րդ Եւ 18-րդ Կէտերը․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի  եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ հրապարակուած մեղադրանքներու եւ պահանջներու քաղաքական շարժառիթները հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունին:

Առաջինը Պեռնի մէջ կայացած համագումարին առիթով Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաջադրանքի միջազգայնացման փորձն է եւ ժամանակի առումով համընկնումը Ազրպէյճանի հոգեւոր պետին հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան դէմ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն:

Երկրորդը, որ  կը թուի աւելի համոզիչ ըլլալ, 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան չէզոքացումն է, հպատակեցումը:

Պարզ է, որ պետական գերատեսչութիւններուն յանձնարարուած է առաջադրուած մեղադրանքներուն ընդառաջ «փաստահաւաք» կազմակերպել: Կատարուածը ուրեմն սպառնալիքի տարբերակ է: Չհպատակուելու պարագային փաստահաւաքի տուեալները հրապարակել եւ բարոյական ճնշում ստեղծել կաթողիկոսի հրաժարականին յանգելու համար:

Եթէ համոզուինք այս երկրորդ տարբերակին շարժառիթային հանգամանք ունենալուն, ապա կը նկատենք, որ 2026-ի խորհրդարանական  ընտրութիւններու թուականի որոշումն ու այս մեղադրանքներու եւ պահանջներու հրապարակայնացումը համատեղուեցան: Յիշենք նաեւ որ ըստ որոշ հարցախոյզերու արդիւնքներուն, հայոց եկեղեցին կը շարունակէր պահպանել ժողովրդականութեան առաջին դիրքերը:

Նախընտրական այս արշաւի խօսոյթի առանցքը հայ եկեղեցին դասելն էր ընդդիմութեան շարքին, որուն թելերը, ըստ իշխանութեան շրջապատին, կը հասնին մինչեւ ռուս եկեղեցի եւ մինչեւ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահութիւն:

Քարոզարշաւի նիւթ էր ուրեմն նաեւ այն, որ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան փոփոխութիւնը ըստ էութեան պիտի նպաստէր ռուսական ազդեցութեան թուլացման ընդհանուր քաղաքականութեան: Ահա այստեղ է, որ այս բոլորին համար փորձ կը կատարուի տալու աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն Արեւմուտք-Ռուսիա տարածաշրջանային հակամարտութեան ընդհանուր սահմաններուն մէջ տեղաւորելով արձանագրուածները:

Մնացեալը` բարոյախօսութիւն, ուխտի խախտում, սրբակենցաղութիւն թէ սրբապղծութիւն, շղարշային թեմաներ են, օգտագործելի` քաղաքական նպատակներու համար:

Ընտրարշաւային այս խօսոյթները սակայն հանգուցալուծուելու իրաւական ելքերու կը կարօտին: Սահմանադրութիւնը երկու յօդուած տրամադրած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համար:

Յօդուած 17. Պետութիւնը եւ կրօնական կազմակերպութիւնները

1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնում երաշխաւորւում է կրօնական կազմակերպութիւնների գործունէութեան ազատութիւնը:

2.- Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից:

Յօդուած 18. Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին

1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում:

2.- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորուել օրէնքով:

Նման մեղադրանքներ եւ պահանջներ հնչեցնելը, այս երկու յօդուածները  նկատի ունենալով, հակասահմանադրական են: Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները կրնան դիմել Սահմանադրական դատարան, վարչապետի յայտարարութիւններն ու պահանջները հակասահմանադրական նկատելու եւ ըստ այնմ վերաբերում ճշդելու պահանջով: Թէեւ  հակասահմանադրական առաջին յայտարարութիւնները չեն, որ կը հնչեն այդ մակարդակով:

Պարզ է, որ ընտրական նպատակով եղածը ուրեմն, բարոյական ճնշում ստեղծել է, որպէսզի պահանջարկը զանգուածայնանայ կաթողիկոսի հրաժարեցման:

Մէկ ուշագրաւ յայտարարութիւն եւս, կրնայ հետագայ ընթացքին վրայ նախանշային իմաստ ունենալ: Վարչապետին աշխատակազմի ղեկավարը յայտարարեց, որ խնդիրը չպարզաբանուելու պարագային կը դիմուի սահմանադրական ելքի: Ինչը կ՛ենթադրէ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածներու փոփոխութիւն, իրաւական հիմնաւորում ունենալու համար միջամտութեան:

Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ գործող Սահմանադրութեան իւրաքանչիւր կէտ համաձայնեցուած է Վենետիկի յանձնաժողովին հետ, որ դէպի Եւրոպա համարկուող երկիրներու սահմանադրական նախագիծերու ճարտարապետական խումբն է: Հարց է, որ եւրոպական իրաւաչափութիւններուն որքա՞ն համահունչ կրնայ նկատուիլ պետութեան միջամտութիւնը եկեղեցւոյ գործունէութեան:

Պետական բարձրագոյն մակարդակներէ օգտագործուող բառապաշարի մակարդակը, գռեհիկ ոճաբանութիւնը եւ հակաիրաւական խօսոյթը հարցի հանգուցալուծման չեն առաջնորդեր: Այս բոլորը կը ստեղծեն լարուածութիւն, պառակտուածութիւն, բաժանարարութիւն: 2018-ով սկսուած վարքագիծին համաձայն:

Պարզ են Սահմանադրութեան 17-րդ եւ 18-դդ կէտերը: Նոյնքան պարզ է յայտարարութիւններուն հակասահմանադրականութիւնը: