Ըլլալ Արթուն եւ Զգօն` Հարկ Եղած Պարագային Մայր Աթոռը Ֆիզիքապէս Պաշտպանելու Համար. «ՀայաՔվե»

Հայաստան, Սփիւռք

Թշնամիի օրակարգը սպասարկող նիկոլ փաշինեանը յարձակած է հայ ժողովուրդի գլխաւոր սրբութեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ։ Կատարելով պաքուի բռնապետ իլհամ ալիեւի եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար ալլահշուքիւր փաշազատէի ուղիղ ցուցումները՝ փաշինեանը կը փորձէ տապալել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ 1725-ամեայ նուիրապետութեան կարգը եւ կը պատրաստուի դիմել վտանգաւոր արկածախնդրութեան։ Անոր վերջին կոչը ՀՀ սահմանադրութեան կոպտագոյն խախտում է. անիկա ուղիղ ֆիզիքական սպառնալիք կը ստեղծէ Վեհափառ Հայրապետի եւ Մայր Աթոռի միաբաններուն համար։

Մեր հայրենակիցներուն կոչ կ՝ընենք մերժելու հաւատ եւ քրիստոնէական բարոյականութիւն չունեցող դաւաճանի ազգակործան, սրբապիղծ օրակարգը, ըլլալու արթուն եւ զգօն՝ անհրաժեշտութեան պարագային Մայր Աթոռը պաշտպանելու համար։ Մայր Աթոռին ֆիզիքական վտանգ սպառնալու պարագային մենք ըլլանք պաշտպանութեան առաջին շարքերուն մէջ:

«ՀայաՔվե» ազգային քաղաքացիական միաւորում