Արամ Ա. Վեհափառի Հովուապետական Այցելութիւնը Ազգային Վերելքի Պահեր Ստեղծեց Յունահայոց Մէջ
Ազգային ոգեւորութեան եւ խանդավառ աննախընթաց զգացումներու պահեր ապրեցաւ յունահայութիւնը, անցնող շաբաթավերջի ընթացքին։
Հովուապետական այցելութեամբ Աթէնք գտնուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ հանդիսապետեց շարք մը ելոյթներու եւ իր հայրական պատգամներով տոգորեց յունահայ բազմութիւնները։
Վեհափառը նախագահեց եւ խօսեցաւ իր հեղինակած «Հայ եկեղեցին» գիրքի յունարէն հրատարակութեան, ներկայութեամբ յոյն պետութեան ու եկեղեցւոյ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու։ Նաեւ, Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շքեղ ճաշկերոյթով նշուեցաւ Վեհափառ հայրապետի կաթողիկոսական օծման 30-ամեակը։ Կիրակի օր, Վեհափառը հանդիսապետեց ու քարոզեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած եպիսկոպոսական պատարագին։
Նոյն երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նայիրի, Մարալօ եւ Նանօր պարախումբերու տպաւորիչ համոյթը, Վեհափառի բարձր ներկայութեամբ ու խանդավառող գնահատական խօսքին։
Իր քառօրեայ կեցութեան ընթացքին, Վեհափառը նշանակալից հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին, նախարարներուն, յոյն եկեղեցւոյ պետին եւ յունահայ գործօններուն հետ։
Ուրբաթ օրուան թիւով, բոլոր ելոյթներու մանրամասն ներկայացումով պիտի անդրադառնանք Վեհափառի բացառիկ այցելութեան եւ ստեղծած ոգեւորութեան։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»
