Պայքարի Առաջին Քայլը Յաղթելն է․ «Ինքներս Մեզ Յաղթելով» Գիրքին Շնորհանդէսը Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Մայիս 25-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական դասի անդամ, հոգեւոր, հասարակական եւ մտաւոր աշխոյժ գործիչ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի՝ «Ինքներս մեզ յաղթելով» գիրքին շնորհանդէսը։ Գիրքը հրատարակած է Newmag-ը:

Անիկա Հայաստանի նորագոյն պատմութեան անկիւնաքարային դրուագներուն վերլուծութիւնն է պետութիւն-եկեղեցի-ազգ փոխգործակցութեան առանցքի տեսանկիւնէն: Գիրքին մէջ մէկտեղուած են հեղինակին զրոյցները եւ յօդուածները պետութեան, ժողովուրդի, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ առընթեր թեմաներով։ Գիրքը Հայաստանի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները լուծելու ուղեցոյց է, ճանապարհ դէպի աւելի ամուր եւ հոգեւոր արժեհամակարգով զինուած Հայաստան: Հեղինակը այս աշխատութեամբ ընթերցողը կը պատգամէ յանուն Հայաստանի յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները, կը յիշեցնէ, որ պայքարի առաջին քայլը յաղթելն է, մենք մեզ յաղթելը։

Գիրքին մէջ Բագրատ Սրբազանը օրինակներով ու փաստերով ցոյց կու տայ, որ 2020 թուականի պատերազմին Հայաստանի պարտութիւնը ռազմադաշտին վրայ չէր։ Պարտութիւնը առաջին հերթին պատերազմը վարելու անկարողութեան, անկազմակերպուածութեան հետեւանք էր։ Կռուած են բանակն ու ժողովուրդը, բայց պետութիւնը իր ամբողջ համակարգով, ըստ սրբազնի, ձախողած է ամէն ինչ։

Գիրքին մէջ Բագրատ Սրբազանը կը շեշտէ, որ ցեղասպանութեան գաղափարը պէտք է դառնայ համակարգային, «այլեւս երբեք» կոչը պէտք է դառնայ բանաձեւ, սկզբունք ու գործողութիւն, ոչ թէ կենաց։ Գիրքին մէջ կը ներկայացուի նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դերը ընտանիքի, ազգային, հոգեւոր եւ քրիստոնէական աւանդոյթները սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ։ Մանրամասն կը ներկայացուի Եկեղեցւոյ դերը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ միւս ոլորտները բարեփոխելու ու արմատապէս վերափոխելու հարցին մէջ։

«Առաջին հարցը, որին կը խնդրէի ընթերցելիս ուշադրութիւն դարձնել, այն է, թէ ինչի դէմ է ըմբոստանում այս գիրքը։ 2020 թուականի պատերազմից յետոյ մեր մտաւորականութիւնը, չնչին բացառութեամբ, դարձաւ անտարբերութեան կողմնակից։ Բագրատ Սրբազանի գիրքը ըմբոստանում է հենց այս մերժման դէմ»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ գիրքի խմբագիր Արսէն Գասպարեան։