Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին Մէջ Կը Կազմակերպուի Հանդիպում Հայ Ցեղասպանագէտ Արա Քէթիպեանի Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 29-ին, ժամը 15։00-ին, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամը կը կազմակերպէ հանդիպում սփիւռքահայ անուանի ցեղասպանագէտ, հետազօտող եւ արխիւագէտ Արա Քէթիպեանի հետ։

www.akunq.net-ի տեղեկութիւններով՝ կեդրոնին մէջ, հանդիպման ծիրէն ներս, Արա Քէթիպեանը պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական հարցի թեմաներով տասնամեակներ շարունակ իր կատարած արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնները։

Յիշեցնենք, որ 13 մեծադիր եւ ստուարածաւալ հատորներու մէջ Ա․ Քէթիպեանը զետեղած է ամերիկեան մամուլի մէջ հրատարակուած հազարաւոր նիւթեր (“The New York Times”, “The Washington Post”, “The Boston Daily Globe”, “The Cristian Science Monitor”), որոնք կը պահպանուին ԱՄՆ-ի արխիւներուն մէջ:

Անոնք մասնաւորապէս կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան տարբեր շրջաններուն՝ 1894-1896 թթ․ համիտեան կոտորածներ, 1909 թ․ Ատանայի ջարդեր, հայերու հանդէպ կովկասեան թաթարներու բռնութիւններու բազմաթիւ վկայութիւններ, բռնի կրօնափոխութիւն, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններ եւ այլն: 1894-1930 թթ․ ժամանակաշրջանը ընդգրկող նիւթերու ծաւալով եւ համակողմանիութեամբ՝ ասիկա իր տեսակին մէջ եզակի աշխատանք է: Անիկա կարեւոր սկզբնաղբիւր եւ տեղեկատու է ցեղասպանագէտներու, պատմաբաններու եւ այլ հետազօտողներու համար:

Արա Քէթիպեանը հայագիտութիւն ուսանած է Սբ. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան վարժարանին մէջ, ապա Հռոմի
«Pontificia Università Gregoriana» համալսարանին մէջ
ուսումնասիրած է փիլիսոփայութիւն։ Իբրեւ խմբագիր աշխատած է Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթին մէջ, ապա դասաւանդած է հայոց լեզու եւ հայոց պատմութիւն՝ Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանին մէջ։

Մուտքը ազատ է, կը հրաւիրենք բոլոր ցանկացողները։

Ամսաթիւ՝ Մայիս 29, ժամը՝ 15։00-ին։ Հասցէ՝ Գիւլբենկեան 38, 5-րդ յարկ։

www.akunq.net