Ուաշինկթըն Կը Ջանայ ազրպէյճանի Կողմէ Հայաստան Ներխուժումը Կասեցնել. Ռուպիօ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին մէջ, Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կը ջանայ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստան ներխուժումը կասեցնել։

Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ վկայութեան ընթացքին, պատասխանելով քոնկրեսականներ Քրիս Սմիթի եւ Ճիմ Քոսթայի հարցումներուն՝ Ռուպիօ աւելցուց, թէ ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ զինուած հակամարտութեան լուրջ վտանգ կայ՝ աւելցնելով. «Մեր հիմնական նպատակը ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւն ապահովելն է»

Քոնկրեսականներ Սմիթ եւ Քոսթա նաեւ շեշտեցին ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու եւ պաքուի  դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը, կասեցնելու համար Հայաստանի դէմ սպառնալիքները, պատժելու համար Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումը եւ հայ գերիներ ապօրինի կերպով իր բանտերուն մէջ պահելու՝ պաքուի կեցուածքը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց պաքուն հաշուետուութեան կանչելու նպատակով քոնկրեսականներ Սմիթի եւ Քոսթայի նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուպիոյի պատասխանը, թէ՝ Ուաշինկթըն կը ջանայ Հայաստանի վրայ ազրպէյճանական յարձակումի մը առաջքը առնել։