Որեւէ «Զանգեզուրի Միջանցք» Պիտի Չըլլայ. Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպան

Աշխարհ, Հայաստան

22 Մայիսին, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի Սիւնիքի մէջ յայտարարեց, որ ոչ մէկ հարց կարելի է լուծել ստիպողաբար, եւ որ որեւէ «Զանգեզուրի միջանցք» պիտի չըլլայ: Ան կը պատասխանէր լրագրողի մը այն հարցումին, թէ՝ թուրքիոյ երթեւեկի եւ ենթակառուցուածքներու նախարարը կ՛ըսէ, որ իրենք կը պատրաստուին ազրպէյճանի հետ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման, իսկ ալիեւը կը պնդէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պէտք է բացուի, ի՞նչ պիտի ընէ Իրան, եթէ ազրպէյճան դիմէ ուժի՝ այդ «միջանցք»-ը առնելու համար:

Դեսպանը նաեւ դիտել տուաւ, որ Իրան կ՛աջակցի խաղաղութեան, նաեւ՝ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն ու պիտի շարունակեն աջակցիլ:

«Կը կարծեմ, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կը բխի երկու երկիրներու շահերէն, նաեւ՝ տարածաշրջանի շահերէն: Պատրաստ ենք մեր նպաստը բերելու այդ համաձայնագիրի ստորագրութեան: Ինչպէս գիտէք, մենք նախապէս ողջունած ենք Հայաստանի վարչապետին «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը: Ասիկա կրնայ տարածաշրջանի ապաշրջափակման առիթ դառնալ: Ասիկա պիտի նպաստէ տարածաշրջանի բարգաւաճման. տնտեսութեան հիմքը երթեւեկն է, եւ ասիկա կրնայ մեծապէս նպաստել տարածաշրջանին մէջ փոխադրութիւններուն: Դուք գիտէք, որ մենք դէմ չենք ապաշրջափակման, մեր դիրքորոշումը գիտէք, բայց որեւէ ապաշրջափակում պէտք է ըլլայ Հայաստանի ազգային ինքնիշխանութեան ներքոյ: Այդ նախագիծն ալ, ես կը կարծեմ, պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ ապրանքներու տեղափոխութեան: Բոլորը պէտք է ողջունեն խաղաղութեան համաձայնագիրը»,- շեշտեց Սոպհանի, որ դրական եւ արդիւնաւէտ համարեց Իրանի պաշտպանութեան նախարարին Հայաստան այցելութիւնը եւ ունեցած հանդիպումները:

«Այս այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեր յարաբերութիւնները ձեռք բերած են ռազմավարական բնոյթ, բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր յարաբերութիւնները զարգացում կ՛ապրին»,- ըսաւ ան:

Խօսելով Սիւնիքի մէջ կառուցուող ճամբուն մասին՝ Սոպհանի ըսաւ, որ անիկա 1 ժամ 20 վայրկեան տեւող ճամբան կը վերածէ 20 վայրկեանի, իսկ ճամբուն լայնքը 6 մեթրէն կը վերածուի 17 մեթրի, ինչ որ ձեռնտու է երկու երկիրներուն համար: 

Ըստ անոր՝ այսպիսով պիտի նուազին արկածներու վտանգները եւ պիտի աւելնան բեռնափոխադրութիւններու ծաւալները։ «Ասկէ պիտի շահին մեր երկու երկիրները: Եթէ Հայաստանը շահի, բնականաբար, Իրանն ալ անկէ շահ պիտի ստանայ: Իրանի ուզածը Հայաստանի զարգացումն ու բարգաւաճումն է»,- ըսաւ Սոպհանի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչը կը խանգարէ, որ Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտին կարենայ լիարժէք աշխատիլ՝ դեսպանը ըսաւ. «Բնականաբար, տնտեսական ենթակառուցուածքները պէտք է պատրաստ ըլլան: Մենք իրանեան կողմին մէջ ունինք ազատ տնտեսական գօտի, որ գործունէութիւն կը ծաւալի: Այս կողմն ալ, նաեւ Երեւանի մէջ եթէ ազատ տնտեսական գօտին գործարկուի, ատիկա խթան պիտի հանդիսանայ տնտեսութեան զարգացման համար: Մենք բանակցութիւններու մէջ ենք Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան հետ, որպէսզի կարողանանք այդ ծրագիրները յառաջ տանիլ»:

Խօսելով Հայաստանի մէջ իրանեան ընկերութիւններու գործունէութիւններուն մասին՝ Սոպհանի նշեց, որ արդէն շուրջ 300 իրանեան ընկերութիւններ արձանագրուած են Հայաստանի մէջ եւ անոնք գործունէութիւն կը ծաւալին: