Զուիցերիոյ Խորհրդարանականները Նոր Հարթակ Պիտի Սկսին՝ Ի Պաշտպանութիւն Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

2025 թուականի Մայիս 26-ին Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ իր աշխատանքները պիտի սկսի «Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան» աջակցող 19 պատգամաւորներէ կազմուած միջկուսակցական յանձնախումբը՝ օժանդակելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրացման համար միջազգային անհրաժեշտ մեքենականութիւններ կենսագործելու մասին՝ Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի Մարտ 18-ի որոշման, որ երկրի գործադիր իշխանութեան համար ունի իրաւակիրառ պարտադիր նշանակութիւն:

Նախաձեռնութեան նպատակն է աջակցիլ Զուիցերիոյ յանձնառութեան՝ «հնարավորութիւն տալու ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ բաց երկխօսութեան՝ միջազգային վերահսկողութեան ներքոյ կամ միջազգային նշանակալի դերակատարներու ներկայութեամբ՝ բանակցելու պատմականօրէն բնակուած հայ բնակչութեան անվտանգ եւ համատեղ վերադարձին շուրջ»:

Միջկուսակցական լայն աջակցութիւն ունեցող յանձնախումբը կը գլխաւորեն Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի պատգամաւորներ Էրիխ Ֆոնտոբելը եւ Ստեֆան Միւլլեր-Ալտերմատտը:

Միջոցառման ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան յանձնախումբի համանախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Վարդան Օսկանեանը, Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Վարդան Թադեւոսեանը, Զուիցերիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գլխաւոր քարտուղար Սարգիս Շահինեան եւ Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութեան կազմակերպութեան հանրային հարցերով տնօրէն դոկտոր Ճոէլ Վելտգամբը:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
20 Մայիս, 2025