«Հորիզոն» Օժտուեցաւ Լրատուական Տաղաւարով

Uncategorized

«Հորիզոն»ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ անցնող օրերուն «Հորիզոն»ի խմբագրատան մէջ տեղադրուեցաւ լրատուական տաղաւար։ «Հորիզոն»ի տաղաւարի սարքաւորումներու համադրման աշխատանքը կատարեցին Յովիկ Կէտիկեանն ու Ճուլիա Սեւանը, իսկ լրատուական գրասեղանը նուիրեց գործարար Գրիգոր Պաշըգճեանը։

Այս մասին յատուկ ուղերձով հանդէս եկաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ ըսաւ. «Համացանցի ընկերային ցանցերու հարթակները վերածուած են տեղեկատուական լայնածիր սպառման լրատուադաշտի՝ ուղղուած ստուար լսարանի։ Այսօրուան տեղեկատուադաշտը առցանց զանգուածային լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներն են։ Facebook-ի, Twitter-ի, Instagram-ի նման հարթակներու վրայ արդէն թափ առած է քաղաքացիական լրագրութիւնը (citizen journalism)։ Նկատի ունենալով այս հրամայականները, «Հորիզոն»ը այս հանգրուանին, հիմնեց տեսալսողական իր տաղաւարը եւ յառաջիկային, այս տաղաւարին մէջ պատրաստուած մեր հաղորդումները հետեւողականօրէն պիտի սփռենք»։

Մանրամասնութիւնները Տեսանիւթով։ Նկարահանող՝ Յովիկ Կէտիկեան։

https://www.facebook.com/vahakn.karakachian/videos/1167085738764553