Արցախի Պարի Պետական Խումբը Առաջին Անգամ Հիւրախաղերով Հանդէս Պիտի գայ ԱՄՆ-ի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ տեղական մարմինը 2 տարի անընդմէջ Արցախի պարի պետական խումբի ֆինանսաւորումը ապահովելէ բացի նաեւ կը կազմակերպէ 2-րդ մեծ իրադարձութիւնը։

Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն ՀԿ-ն կը տեղեկացնէ, որ Արցախի պարի պետական խումբը առաջին անգամ հիւրախաղերով հանդէս պիտի գայ ԱՄՆ-ի մէջ։ Մայիս 16-ին Լոս Անճելըսի Ալեքս թատրոնին մէջ կը նախատեսուի արցախեան երեկոյ։

Անիկա բացառիկ հնարաւորութիւն է Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար՝ վայելելու արցախեան պարի խրոխտ ու համարձակ շարժումները, ատոր միջոցով փոխանցուող ուժեղ զգացմունքներն ու աւանդոյթները։

Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է «Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» ՀԿ փոխնախագահ՝ Ռաուլ Բաբայեանը։

Մանրամասներու եւ տոմսերու համար կրնաք զանգահարել 818-265-0506 հեռախօսահամարին կամ այցելել Ticketmicket.com