
ԱՄՆ-ի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Յանձնաժողովի Լսումներուն Ժամանակ ազրպէյճանի Կողմէ Պահուող Հայ Պատանդները Ազատ Արձակելու Կոչ Եղած է
2025 թուականի Ապրիլ 29-ին, Թոմ Լանթոսի անուան մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ, ներկայացուցիչ Քրիս Սմիթը (հանրապետական, Նիւ Ճըրսի) կոչ ըրաւ ազատ արձակելու ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ պահուող քաղբանտարկեալներն ու ռազմագերիները: Այս մասին կը յայտնեն ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակէն։
«Մենք պէտք է աշխատինք ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ պահուող քաղբանտարկեալներն ու ռազմագերիները ազատ արձակելու, հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան եւ ազատութեան մէջ ապրելու հայերուն իրաւունքը պաշտպանելու ուղղութեամբ»,- ըսած է Սմիթը։
Ներկայացուցիչ Սմիթի դիտարկումները ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ հայկական ժառանգութիւնն ու անոր ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու շարունակական ջանքերուն մէկ մասն էին։
Այս կարեւոր հարցին վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար տե՛ս՝ https://anca.org/press-release/rep-chris-smith-leads-capitol-hill-hearing-spotlighting-azerbaijans-genocide-of-artsakh-armenian-prisoners/