ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Հայ Ռազմագերիներու Հարցով ԵԱՀԿ Պատասխանատուներուն Դիմած է
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը պաքուի մէջ պահուող 23 հայ գերիներու (ներառեալ՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները) ազատ արձակման աջակցելու համար դիմած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) պատասխանատուներուն՝ առաջարկելով, որ գործարկեն ԵԱՀԿ-ի տրամադրութեան տակ գտնուող գործիքակազմերը՝ ԵԱՀԿ շրջանակէն ներս ազրպէյճանի յանձնառութիւններու ծիրէն ներս գնահատելու օրէնսդրական եւ վարչական ընթացակարգերը, փաստերը արձանագրելու, ինչպէս նաեւ համապատասխան առաջարկներ եւ խորհրդատուուութիւններ կատարելու համար։
ԵԱՀԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն փոխանցուած են նաեւ շարք մը տեղեկութիւններ ազրպէյճանի մէջ դատական համակարգի թերութիւններու, ինչպէս նաեւ իբրեւ աջակցութիւն հայ գերիներու՝ տարբեր պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիրքորոշումներու մասին։
Միաժամանակ, կը շարունակէ գործել ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակին կողմէ ստեղծուած հարթակը՝ https://armeniancause.net/ հասցէով, ուր հնարաւոր է ստորագրել առցանց խնդրագիր՝ ուղղուած ԵԱՀԿ համապատասխան պաշտօնեաներուն։
Իւրաքանչիւր օրը ճակատագրական է մեր գերիներու բարօրութեան ու կեանքի համար։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ ազրպէյճանի եւ նախագհահ իլհամ ալիեւի վրայ, որպէսզի դադրեցուին մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներն ու ազատ արձակուին ապօրինի կերպով ձերբակալուած բոլոր հայ գերիները։
Ստորագրութիւններուն թիւը ներկայիս հասած է վեց հազարի, սակայն, անհրաժեշտ է մեծցնել զայն։ Ուստի, ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը, անոնց, որոնք դեռ չեն միացած յիշեալ պահանջին, կը խնդրէ ստորագրել խնդրագիրը եւ օժանդակել պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման աշխատանքներուն։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
29 Ապրիլ, 2025
