Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Քաղաքական Ոգեկոչական Ելոյթներ Յունաստանի Մէջ (նկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կի­րա­կի, 27 Ապ­րիլ 2025-ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Ք­սան­թիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րը, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պո­ւած էին Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ շրջան­նե­րու մարզ­պե­տա­րան­նե­րուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

­Յոյն պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, ա­կա­դե­մա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րով եւ յա­տուկ յայ­տա­գի­րի գոր­ծադ­րու­թեամբ յար­գո­ւե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։ ­

Յա­ջոր­դեց դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում եւ յար­գան­քի տուրք՝ կեդ­րո­նա­կան յու­շա­կո­թող­նե­րուն առ­ջեւ։

­Ման­րա­մասն թղթակ­ցու­թիւն­նե­րով պի­տի անդ­րա­դառ­նանք ե­լոյթ­նե­րուն մեր Ուր­բաթ օ­րո­ւան թի­ւով։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»