Ժողովրդային Բողոքի Քայլարշաւ եւ Ցոյց Դէպի Աթէնքի թրքական Դեսպանատուն (նկարներ)

Հայաստան, Սփիւռք

­­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը դար­ձեալ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջա­տա­րը ե­ղաւ

­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կի նշու­մը տո­ւաւ յու­նա­հա­յու­թեան հա­մախմ­բու­մի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ազ­դան­շա­նը 24 Ապ­րի­լի օ­րը, երբ ա­մէն տա­րի­քի հայ­րե­նա­կից­ներ, մե­ծով ու փոք­րով, վեր բարձ­րա­ցու­ցին ի­րենց բո­ղո­քի ձայ­նը, դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն քայ­լար­շա­ւին եւ ցոյ­ցին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ ­Տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր, հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը շեշ­տա­կիօ­րէն կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւի Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ, ո­րուն շուրջ կը բո­լո­րո­ւին մեր գա­ղու­թի ե­րի­տա­սարդ զան­գո­ւած­նե­րը եւ կը դառ­նան հա­յոց ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջա­տար ձայ­նը։ 110-րդ ­հանգրո­ւա­նին, ան­նա­խըն­թաց ե­ղաւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ ­Բո­լո­րին դէմ­քե­րուն վրայ բա­ցա­յայտ էր հա­յու­թեան դա­տին տէր կանգ­նե­լու միա­կամ կե­ցո­ւած­քը։

Ան­գամ մը եւս, ժո­ղո­վուր­դի ժա­մադ­րա­վայ­րը դար­ձաւ ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը, հել­լէն խորհր­դա­րա­նին դի­մաց, ուր քա­նի մը օ­րէ ի վեր կը գոր­ծէ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան. ­միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կը։ Ա­մէն տա­րի­քի հայ­րե­նա­կից­ներ ի­րենց ու­ժեղ ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին ցոյ­ցին, պա­հան­ջե­լով թուրք պե­տու­թե­նէն ճանչ­նալ 110 տա­րի ան­հա­տոյց մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ միա­հա­մուռ դա­տա­պար­տե­ցին Ար­ցա­խի բռնագ­րա­ւու­մը ցե­ղաս­պան Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։ ­Բո­լոր բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րուն եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ յատ­կան­շա­կան էր հայ նոր սե­րուն­դի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գին ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը դար­ձաւ քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ ըն­թաց­քին։

­Ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րի մեկ­նար­կէն ա­ռաջ, Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը շար­քե­րով կանգ­նե­ցան հրա­պա­րա­կի աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ, ի­րենց ձեռ­քը բռնած ըլ­լա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ պա­տանդ տա­րո­ւած Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու պատ­կեր­նե­րը, մինչ միու­թեան մէկ ան­դա­մը ար­տա­սա­նեց դա­տա­պար­տան­քի խօսք ­Պա­քո­ւի մէջ ըն­թա­ցող ա­պօ­րի­նի դա­տա­վա­րու­թեան մա­սին։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն, ­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մե­ծա­դիր դրօշ­նե­րը լայ­նօ­րէն պար­զած, ժո­ղովր­դա­յին հա­մախմ­բու­մը ճամ­բայ ե­լաւ ­­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կէն եւ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը մեծ պաս­տառ­ներ բռնած, ցոյ­ցին ազ­դան­շա­նը տո­ւին զա­նա­զան լո­զունգ­նե­րով, ո­րոնք կը դա­տա­պար­տէին թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէին ­­Թուր­քիա­յէն ա­ռե­րե­սո­ւիլ իր ա­րիւ­նոտ պատ­մու­թեան հետ ու ճանչ­նալ հա­յու­թեան դէմ գոր­ծած ո­ճի­րը։ ­­Ժո­ղո­վուր­դը եւս հե­տե­ւե­լով ար­տա­սա­նո­ւած լո­զունգ­նե­րուն, միա­կամ եւ հա­ւա­քա­կան ուժգ­նու­թեամբ կը կրկնէր զա­նոնք։ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ճամ­բա­նե­րէն ան­ցած թա­փո­րին հե­տե­ւե­ցան բազ­մա­թիւ յոյն հայ­րե­նակ­ցի­ներ, ո­րոնք քա­ջա­լե­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէին հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րուն։

­­Ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րը հա­սաւ ­­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կը, ուր ան­գամ մը եւս, ոս­տի­կա­նու­թեան զրա­հա­պատ մե­քե­նա­նե­րը փա­կած էին ճամ­բան դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։ ­­Տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող ան­հա­ճոյ պատ­կե­րը դար­ձեալ կրկնո­ւե­ցաւ, դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­լով ոս­տի­կա­նա­կան յա­տուկ ջո­կատ­նե­րուն, ո­րոնք թոյլ չեն տար խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն մօ­տե­նալ թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քը եւ ի­րենց ցա­սու­մը ար­տա­յայ­տել ընդ­դէմ շա­րու­նա­կո­ւող թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ ­­Տեղ­ւոյն վրայ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րու կարճ յայ­տա­գիր մը, ո­րուն ըն­թաց­քին յու­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ե­րի­տա­սա­ր­­դա­կան բա­ժին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, մէկ առ մէկ, ու­ղերձ­նե­րով հան­դէս ե­կան եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։

­­Մինչ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի դես­պա­նա­տուն՝ փոր­ձե­լու հա­մար յանձ­նել յու­շա­գի­րը, Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ մը կար­դաց յու­շա­գի­րի պա­րու­նա­կու­թիւ­նը, իսկ ա­ւար­տին յայտ­նեց, թէ այս ան­գամ եւս պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը բա­խե­ցաւ ոս­տի­կա­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու յա­մառ եւ կտրուկ մեր­ժու­մին հաս­նե­լու մին­չեւ դես­պա­նա­տան դու­ռը, պա­տո­ւի­րե­լով հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յու­շա­գի­րը զե­տե­ղել դես­պա­նա­տու­նէն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող ծա­ռի մը վրայ…։

Տ­րո­ւած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, ժո­ղո­վուր­դի ընդվ­զու­մը ա­ւե­լի ուռ­ճա­ցաւ, իսկ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը զօ­րա­ւոր բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով դա­տա­պար­տե­ցին մեր­ժու­մի ա­րար­քը։

­­Զայ­րոյ­թի եւ ցա­սու­մի այդ բուռն պա­հե­րուն, կարգ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ այ­րո­ւե­ցաւ ­­Թա­լեա­թի, Էն­վե­րի, ­Ճե­մա­լի, ինչ­պէս նաեւ Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի պատ­կե­րը կրող պաս­տառ մը, մինչ բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով ի­րենց ընդվ­զու­մը կ­­՚ար­տա­յայ­տէին։

­­Յան­կարծ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մեծ թա­փո­րը սկսաւ ա­րա­գօ­րէն շար­ժիլ դէ­պի ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու պատ­նէ­շը, իսկ պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րը կը փոր­ձէին զսպել մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­ռաջ­քը առ­նո­ւի ոս­տի­կա­նու­թեան հետ ո­րե­ւէ բա­խու­մի։

Մթ­նո­լոր­տը շի­կա­ցած էր ու մեր տղա­քը ա­ւե­լի ուժ­գին կը պա­հան­ջէին յա­ռա­ջա­նալ մին­չեւ դես­պա­նա­տուն, միա­ժա­մա­նակ լո­զունգ­նե­րը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր լսո­ւե­ցան հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։

­­Հա­կա­ռակ ոս­տի­կա­նու­թեան մեր­ժու­մին, բո­ղո­քի ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցը հա­սաւ իր նպա­տա­կին, թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն լսե­լի դարձ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­ղոքն ու ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի պա­հան­ջը։

­­Ցոյ­ցի ա­ւար­տին, հա­մախմ­բո­ւած հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը միա­բե­րան եր­գե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»