Ոգեկոչմամբ Դէպի Պայքար, Պայքարով՝ Արդարութիւն, Արդարութեամբ՝ Կանխարգելում, Կանխարգելմամբ՝ Վերադարձ ՀԱՅՐԵՆԻՔ…

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի կոչը.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդը կը նախատեսէ Ապրիլ 23-ին, ժամը 18:30-ին կարճ միջոցառում կազմակերպել Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով, որմէ ետք երթով կ՝երթանք Հանրապետութեան հրապարակ՝ միանալու աւանդական ջահերթին:

Բոլորդ կը հրաւիրենք համատեղ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը եւ բարձրաձայնելու, որ թուրք-ազրպէյճանական այդ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի առ այսօր, որուն կենդանի զոհերն ու վկաներն ենք մենք՝ արցախցիներս:

Ոգեկոչմամբ դէպի պայքար, պայքարով՝ արդարութիւն, արդարութեամբ՝ կանխարգելում, կանխարգելմամբ՝ վերադարձ ՀԱՅՐԵՆԻՔ…»: