Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Հետ Աշխատանքային Քննարկում «Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» Հարթակի Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Նախորդ շաբաթ գումարուած «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակի նիստի քննարկուաւ է Զուիցերիոյ Դաշնային ժողովի վերին պալատի՝ Կանտոններու խորհուրդի, «Խաղաղութեան ֆորում Լեռնային Ղարաբաղի համար․ հնարաւորութիւն տալ հայերու վերադարձին» որոշումը: Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Սարգիս Շահինեանը մանրամասնած է որոշման գործընթացը։ Նկատի ունենալով, որ այս որոշումը կը պարտաւորեցնէ Զուիցերիոյ կառավարութեան մէկ տարուան ընթացքին գումարել ազրպէյճանի եւ արցախահայութեան ներկայացուցիչներու միջեւ միջազգային ֆորում՝ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու ներքոյ խթանելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ Շահինեանը ներկայացուց հաւանական գործընթացի կարելիութիւնները։

Այնուհետեւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը ներկայացուցած է արցախահայերու վերջին օրերու նախաձեռնութիւնները, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբի աշխատանքները։

Հարթակի անդամները որոշած են առաջիկային իրենց համայնքներուն մէջ նախաձեռնել միջոցառումներ։

Վերոնշեալ նիստին «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը որոշած է նաեւ բողոքի նամակ յղել Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանի տնօրինութեան՝ Ապրիլ 10-ին Սուրբ Աթոռէն ներս ազրպէյճանի դեսպանութեան եւ ազրպէյճանական որոշ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպած «Քրիստոնէութիւնը ազրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդի ժամանակներ» վերտառութեամբ միջոցառման նախաձեռման համար, ուր ջանք թափուած է ամբողջապէս ժխտելու հայկական քրիստոնէական ներկայութիւնը Արցախի մէջ։

Որոշուած է իւրաքանչիւր համայնք նոյնաբովանդակ բողոք-նամակ յղի Վատիկան՝ պահանջելով արդարութեան եւ իրականութեան համապատասխան յայտարարութիւն։

Տեղեկացնենք՝ Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանի տնօրինութեան բողոքի նամակ յղած է նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը։ Վերջինս դատապարտած է համալսարանին կողմէ նման հակագիտական միջոցառման հիւրընկալումը, ներկայացուցած է ազրպէյճանի մէջ պետական քաղաքականութեան մակարդակի բարձրացուած պատմական ու մշակութային զեղծարարութիւնը: Հայ Դատի գրասենեակի նախագահը համալսարանի տնօրինութենէն պահանջած է անմիջապէս եւ հրապարակայնօրէն դատապարտած ազրպէյճանի կառավարութեան քայլերը՝ ուղղուած պատմութիւնը վերաշարադրելուն, հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը ջնջելուն եւ պատմական խեղաթիւրումը որպէս ցեղական եւ մշակութային ոչնչացման գործիք օգտագործելուն, ինչպէս նաեւ խզել բոլոր կապերն ու համագործակցութիւնները ազրպէյճանական կառոյցներու հետ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
15 Ապրիլ 2025 թ․