
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Համերգ Տիգրանակերտի Մէջ. Արգիլուած Սերենադ
Ապրիլ 24-ին, ժամը 20։00-ին, Տիգրանակերտի մէջ մենահամերգ պիտի ունենայ յայտնի արեւմտահայ երգիչ Ստեփան Եփրեմեան։ «Արգիլուած սերենադ» խորագիրը կրող համերգը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։ Այս մասին կը յայտնէ www.akunq.net-ը՝ հիմնուելով Ստեփան Եփրեմեանէն ստացած տեղեկութեան վրայ։
Աղբիւրին համաձայն՝ Ստեփան Եփրեմեանը հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանէ համերգին խորհուրդը եւ ընտրուած խորագիրը․ «Արգիլուած սերենադը, որ ներշնչուած է դարեր շարունակ բազմաթիւ ժողովուրդներու օրրանը եղած այս հինաւուրց հողերու մշակոյթէն եւ հայկական աւանդոյթէն, այդպէս կոչուած է, որպէսզի շեշտուի՝ արգելքները չեն կրնար խոչընդոտ դառնալ զգացմունքներու համար։ Այսինքն՝ խորագիրը առանց նոթաներու երգի մը անուանումն է, որուն խօսքերը որոշ առումով կը պատկանին պատմութեան, իսկ մեղեդին՝ քարերուն․․․
Այլ խօսքով՝ եթէ մինչեւ իսկ այդ երգին վրայ փոշի ալ նստած ըլլայ, որոշ ժամանակ անց անոր մեղեդիին հնչիւնները նոյն հողին վրայ ծլարձակելով՝ ակամայ կը վերագտնեն ձեր հոգին․․․ Անկախ այն բանէն, թէ որքան շատ փորձած են մարդոց հեռացնել իրարմէ, նոյն երկինքի տակ հնչած մեղեդիները միշտ յաղթանակած են մինչեւ իսկ այն պարագային, երբ այլ լեզուներով գրուած են խօսքերը, եւ ձեւով մը յաջողած են հաղորդակից դառնալ հոգիներուն եւ միասնական պահել ժողովուրդները։
Ինչպէս յայտնի է՝ սերենադը սիրոյ ամենամեղեդային եւ ռոմանթիկ ճիչն է․․․ Միայն ձեր սիրտը գիտէ եւ կրնայ ըսել՝ սիրահարուած էք, թէ ոչ։ Արտայայտելու վրայ կղպանք դնելը արգելք կը դառնա՞յ զգացմունքներուն համար։ Ահա եւ սեփական լեզուով, սեփական մշակոյթով ապրելու ցանկութիւնն ալ այդպիսին է․․․»։
Յիշեցնենք, որ Ստեփան Եփրեմեանը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգով հանդէս եկած էր նաեւ Երեւանի մէջ՝ 2019 թուականին, իսկ անցեալ տարի եւս Տիգրանակերտի մէջ ներկայացուցած էր «Արգիլուած սերենադ» խորագիրով համերգը։
Մելինէ Անումեան
www.akunq.net