Արցախի Թեման Փակելու՝ Օրուայ Իշխանութեան Գործողութիւնները Լրջագոյն Սպառնալիք Ստեղծած Են ՀՀ-ի Համար

Հայաստան, Սփիւռք

Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․

«ՀՀ իշխանութիւնները եւ, մասնաւորապէս, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերթական անգամ ի ցոյց դրին իրենց քաղաքական դիմագիծը՝ ջանադրաբար փորձելով արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ իրենց տոտալ (ամբողջական, «Եռագոյն») ձախողումները եւ յանցաւոր անգործութիւնը բարդել ուրիշներու վրայ:

Ապրիլ 5-ին լրատուամիջոցներէն մէկուն տրուած ԱԳՆ մեկնաբանութիւնը կը փորձէ տպաւորութիւն ստեղծել, որ ՀՀ իշխանութիւնները, իբրեւ թէ, առաւելագոյն ջանքեր գործադրած են Արցախի շահերու պաշտպանութեան համար՝ ընդհուպ 2024 թ. Յունուար ամիսը, բայց այդ «առաքելութեան» խանգարած են Արցախի իշխանութիւնները՝ իրենց մերժողական պահուածքով եւ սեփական նախաձեռնութեամբ Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարելով:

Փաստերու նենգափոխման գործելաոճը նորութիւն չէ այս իշխանութիւններուն համար: Միանգամայն ակնյայտ է, որ արցախեան հիմնահարցի բանակցային գործընթացը տապալելու ֆունտամենտալ (էական, «Եռագոյն») եւ առանցքային պատճառը ՀՀ գործող վարչախումբի ղեկավարին կողմէ Փրակայի մէջ 2022 թ. Հոկտեմբերին կայացած քառակողմ հանդիպման ընթացքին ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան անվերապահ ճանաչումն էր՝ ներառեալ Արցախը:

Հիմա արդէն կարելի է վստահաբար արձանագրել, թէ ինչ կը նշանակէր այդ հանդիպումէն ամիսներ առաջ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ գործող վարչապետին յայտարարութիւնը՝ «Արցախի կարգավիճակի հարցում նշաձողը մի փոքր իջեցնելու մասին» եւ ինչ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ անիկա Արցախի ժողովուրդին համար:

Ինչ կը վերաբերի երրորդ երկիրներու մէջ ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու հանդիպումներու չկայացման համար մեղադրանքներուն, ապա մեր ունեցած հաւաստի տեղեկութիւններով այդ հանդիպման չեղարկումը պայմանաւորուած եղած է բոլորովին այլ հանգամանքներով, որուն մասին ճիշդ պիտի ըլլայ, որ վերջապէս խօսին այդ գործի անմիջական պատասխանատուները: Եթէ կը խօսինք փաստերով, ուրեմն առնուազն զարմանք կը յարուցէ, թէ ՀՀ ԱԳՆ-էն ինչու չեն անդրադառնար չկայացած հանդիպումէն օրեր անց նախատեսուած այլ հանդիպման մը, որուն Արցախի ներկայացուցիչները պատրաստ եղած են մեկնելու, սակայն ազրպէյճանական կողմը հրաժարած է: Ակնյայտ է նաեւ, որ Հայաստանի ինքնահեռացումը նշուած բանակցային գործընթացէն եւ միջազգային իրաւունքի ոտնահարմամբ շրջափակման մէջ գտնուող, ուժասպառ Արցախը հակառակորդի ճիրաններուն մէջ մենմենակ ձգելը ինքնըստինքեան պարարտ հող ստեղծեց պաքուի առաւելապաշտական եւ վերջնագրային դիրքորոշման համար:

Տարակուսանք կ՝առաջացնէ նաեւ իբրեւ թէ Արցախի Հանրապետութեան լուծարման մասին հրամանագրի մէջբերումը, որուն մասին պարբերաբար կը յիշեցնեն միմիայն ՀՀ իշխանական շրջանակները: Այստեղ տեղին կը համարենք նշել, որ անիկա չէ հրապարակուած, հետեւաբար իրաւական ուժ չէ ստացած, եւ չէր ալ կրնար օրինական համարուիլ նախ՝ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան իրաւակարգաւորումներու տեսանկիւնէն եւ ապա՝ միջազգային իրաւունքի լոյսի ներքոյ՝ ուժի սպառնալիքի տակ պարտադրուած ըլլալով:

Վերջապէս, ազրպէյճանը Արցախի մէջ իրականացուցած է ցեղասպանական գործողութիւններ՝ շրջափակման եւ ցեղական զտման միջոցով, որ արձանագրուած է միջազգային կառոյցներու եւ շարք մը պետութիւններու, ներառեալ՝ ՀՀ ԱԳՆ-ի կողմէ: Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը, որ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման ուղղութեամբ միջազգային պայքարի առաջնագիծին էր, այսօր երեսպաշտօրէն կը յայտարարէ, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան բռնի տեղահանութիւնից յետոյ… խնդիրը դուրս է եկել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ազրպէյճանի հանրապետութեան միջեւ միջպետական յարաբերութիւնների կարգաւորման օրակարգից», ատով իսկ օգնելով ազրպէյճանին խուսափելու պատասխանատւութենէ եւ, փաստօրէն ի չիք դարձնելով Հայաստանի ու միջազգային գործընկերներու ապագայ պայքարը արդարութեան վերականգման համար:

Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը խստագոյնս կը դատապարտէ Արցախի թեմային շուրջ շահարկումները, սուտի եւ կեղծիքի վրայ հիմնուած մանիպուլիացիոն (խարդախ, «Եռագոյն») յայտարարութիւնները, որոնք համահունչ են պաքուի դատարանին մէջ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու ռազմագերիներու դէմ մոգոնուող շինծու մեղադրանքներուն: Անհրաժեշտ կը համարենք վերստին զգուշացնելու, որ Արցախի թեման վերջնականապէս փակելու Հայաստանի օրուայ իշխանութիւններու ապազգային եւ հիմնազուրկ գործողութիւնները լրջագոյն սպառնալիք ստեղծած են արդէն իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան համար:

Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդ