
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հետ Քննարկուեցան Քեսապի Մէջ Տարուող Աշխատանքները
Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի եւ Քեսապի թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Վիգէն Լնդեանի այցելութիւնը։
Հայր Սուրբը եւ թաղականութեան ատենապետը զեկուցեցին Քեսապի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց հոգեւոր տեսուչին եւ թաղականութեան եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ գործունէութիւններուն։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://yerkir.am/hy/article/2025/04/02/289964